ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Եւրոխորհրադարանի պատուիրակութիւնը՝ Մարթին Սոնըպորնի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Եւրոպա կապերուն վերաբերող զանազան հարցեր:
Նախագահը նշեց, որ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար կան բաւարար պայմաններ՝ այդ շրջագիծին մէջ կարեւոր համարելով խորհրդարանական փոխգործակցութեան խորացումը:
Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը նոնյն օրը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Հանդիպան ընթացքին կողմերը քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերէին Արցախի եւ Եւրոխորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան: Մայիլեան վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան հետ Եւրոխորհրդարանի համագործակցութիւնը կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին՝ ցուցադրելով Արցախի մեկուսացումը՝ որպէս ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջոց օգտագործելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան անընդունելիութիւնը:
Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ նաեւ ընդունուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ղեկավարութեան կողմէ՝ յանձին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ փոխնախագահ Վահրամ Բալաեանի:
Բոլոր երեք հանդիպումներուն մասնակցեցան Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան: