ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 35րդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Իրանահայ միութեան գլխաւոր սրահին մէջ (117 S. Louise St. Glendale, CA 91205):
Այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին, Վիքթոր Համբարձումեանի անուան մրցանակը պիտի շնորհուի դոկտ. Եուրի Ցոլակի Յովհաննիսեանին:
Յիշեցնենք, որ 2016ին, Տեսական ու կիրառական տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան միջազգային միութիւնը որոշած էր նոր յայտնաբերուած քիմիական թիւ 118 տարրը կոչել յայտնի գիտնական դոկտ. Եուրի Յովհաննիսեանի (Օկանէսեան) անունով՝ Օկանէսոն (Oganesson, Og):
Փրոֆ. Եուրի Յովհաննիսեան համաշխարհային համբաւի տէր՝ հիւլէական բնագիտութեան մասնագէտ է, որ մեծ ներդրում ունի գերծանր քիմիական տարրեր յայտնաբերելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ: Ան կը հանդիսանայ երկրորդ գիտնականը, որ իր կենդանութեան տարիներուն արժանացած է քիմիական նոր տարրի՝ իր ունունով մկրտուելու պատիւին եւ ներկայիս միակ ողջ գիտնականն է, որուն անունով քիմիական տարր մը գոյութիւն ունի։
Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան ձեռնարկին մասնակցութեան սակը 110 տոլար է, իսկ ընկերակցութեան անդամներուն համար՝ 100 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել contact@aesa.org հասցէին կամ (818) 547-3372 թիւին։