ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը շարք մը նախաձեռնութիւններով կը նշէ կազմակերպութեան պատմական այս հանգրուանը:
Անոնցմէ մէկը պիտի հանդիսանայ Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին համագործակցութեամբ իրականացուելիք ցուցահանդէսը։
Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին «ՌիֆլեքթՍփէյս» սրահին մէջ կայանալիք եւ ՀՄԸՄի պատմութեան եւ իրագործումներուն նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ, Սեպտեմբեր 16ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 30։
Պատմական լուսանկարներու եւ իրերու կողքին, պիտի ցուցադրուին նաեւ արուեստի արդի ստեղծագործութիւններ։
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամներն են՝ Արա եւ Անահիտ Օշականներ, Մհեր Դաւիթեան, Վահագն Թովմասեան եւ Հէրի Որբերեան։
«Երկար տարիներով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի ղեկավարութիւնը յատկանշական ջանք թափած է մեր երիտասարդներուն մօտ ամրագրելու ղեկավարման յատկանիշները, մարզական ոգին, ինչպէս նաեւ յարգանքին եւ այլոց օժանդակելու կարեւորութիւնը, հետեւելով ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» խորհրդանիշին, այս բոլորին կողքին շեշտելով նաեւ մեր հայկական ժառանգութեան պահպանման կենսական դերակատարութիւնը», կը յայտնէ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին, ցուցահանդէսին պատրաստութեան գործին ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Այս առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը շրջանին մէջ ապրող կարգ մը արուեստագէտներէ ստեղծագործութիւններ պատ-ուիրած է։ Վահագն Թովմասեան արդի արհեստագիտութեան օգտագործումով պիտի ներկայացնէ ՀՄԸՄի գործունէութեան աշխարհասփիւռ տարողութիւնը, մինչ Լեւոն Փարեան պիտի ներկայացնէ ՀՄԸՄի անդամներու դիմանկարներու շարք մը։ Նաեւ, Վահագն Թովմասեան եւ Հէրի Որբերեան համագործակցաբար քանդակ մը պիտի ներկայացնեն։
«Ստեղծագործութիւնը «Բարձրացիր, բարձրացուր»ի իւրայատուկ՝ զգացական, ֆիզիքական եւ հոգեբանական ներկայացում մըն է եւ նկատի ունի ոչ միայն անհատը, այլ ամբողջ ազգը։ Գործը մասամբ արուեստ է եւ մասամբ, այս հոյակապ կազմակերպութեան երախտագիտութեան արտայայտում», կը յայտնէ Որբերեան։
«Մեզի համար յոյժ կարեւոր է ցոյց տալ հարիւրամեայ այս կազմակերպութեան նուիրումն ու սպասարկութիւնները, զորս ցուցաբերած է ի շահ հայ երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ անոր իրագործումները», կ՛աւելցնէ Թովմասեան։
Պիտի ցուցադրուի նաեւ Սերոբ Պէյլէրեանի կողմէ վարձու տր-ուած ՀՄԸՄի սկաուտական ամբողջական տարազ մը, 1929էն, ինչպէս նաեւ պատմական այլ իրեր եւ որմազդներ։ Այս վերջինները տրամադրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ։
Սեպտեմբեր 16ին կայանալիք ցուցահանդէսին բացման առիթով, նոյն օրը, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7ը, գրադարանին կից գտնուող Կլենտէյլի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային փառատօն մը՝ միասնաբար տօնելու ՀՄԸՄի հարիւրամեակը: Անոր պիտի մասնակցին ՀՄԸՄի նուագախումբը, ինչպէս նաեւ մարզիկներ եւ սկաուտներ։
Վերջին 100 տարիներուն հարիւր հազարաւոր հայ պատանիներ ու երիտասարդներ իր սկաուտական, մարզական եւ ղեկավարման ծրագիրներով դաստիարակած այս կազմակերպութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն մեկնարկը հանդիսացած էր Յունիս 23ին կայացած երիտասարդական խորհրդաժողովը, որուն մասնակցողներուն շարքին էր նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, տարբեր մարզերէ մասնագէտներ եւ քաղաքական պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր երիտասարդներ, քննարկելով ընդհանրապէս երիտասարդութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄին, Հայկական Հարցին ու հայ համայնքին վերաբերող հարցեր եւ երիտասարդութիւնը աշխոյժ մասնակցութեան մղելու կարելիութիւնները: Ապա, Յուլիս 1ին տեղի ունեցաւ աւանդական Յաղթանակի պարահանդէսը, իսկ այս տարուան Նաւասարդեան խաղերը՝ Յուլիս 3-7։
Հարիւրամեակի պաշտօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 5ին (Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ) եւ Հոկտեմբեր 28ին, Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարանին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել հարիւրամեակին առիթով համացանցային յատուկ՝ www.WeAre100.info կայքը եւ www.facebook.com/HomenetmenUSAWR կայքէջը, կամ «Instagram»ի միջոցաւ՝ @Homenetmen_Western_USA: