ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԹԻՒ
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուսումնական 2018-2019 տարեշրջանի սեմին, Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններուն վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 20 Օգոստոսի առաւօտուն։
Հանդիսութիւնները սկիզբ առին աղօթքով, քայլերգներու երգեցողութեամբ եւ «Աշակերտին ուխտ»ի արտասանութեամբ։ Խօսք առին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսումնական մարմինի պատասխանատուները. իւրաքանչիւր շրջանի հոգեւոր հովիւ ընթերցեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի վերամուտի պատգամը, ուղղուած՝ դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն։
Առաջնորդ սրբազան հայրը նախագահեց Ս. Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի եւ Մարի Գապայեան նախակրթարանի վերամուտի հանդիսութեանց:
Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱԶԳ.ՖԵՐԱՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի վերամուտը տեղի ունեցաւ «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերանար Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն Րաֆֆի Գույումճեան, վարժարանի ուսումնական մարմինի եւ շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ ծնողներ եւ բարերարներ։
Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի առաջնորդութեամբ, աշակերտները արտասանեցին «Տէրունական» աղօթքը, որմէ ետք՝ «Աշակերտին Ուխտ»ը։ Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան, որ ողջունեց աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը եւ անդրադարձաւ հայ դպրոցի առաքելութեան։ Ան յորդորեց աշակերտներուն՝ ըլլալ ազգասէր ու քաղաքավար եւ ձգտիլ լաւագոյնին։
Սրբազանը, իր պատգամը ուղղելով՝ փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, «որ մեզի պարգեւեց խաղաղօրէն բոլորելու ամառնային արձակուրդը եւ վերադառնալու դպրոց, մեր հոգիները, սիրտերն ու միտքերը բանալու այն լոյսին, որ կը տարածուի Հայ Դպրոցի փարոսէն, որպէսզի իբրեւ հայ քրիստոնեայ աշակերտներ՝ նոր գիտելիքներով հարստանանք եւ վերանորոգենք մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն հաւատարմութեան ուխտը»։
Խօսելով հայ դպրոցի առաքելութեան մասին, առաջնորդը շեշտեց. «Հայ դպրոցը կրթական որեւէ հաստատութիւն չէ։ Հայ դպրոցին մէջ, տարբեր տեսակի գիտելիքներու կողքին, մանաւանդ կը ստանաք հայեցի կրթութիւն, կը սորվիք մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին մասին, կը զգաք, որ մէկ մասնիկն էք հայութեան։ Տակաւին, կը սորվինք, որ մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին ինչպիսի՛ գեղեցիկ պատմութիւն եւ մշակոյթ կերտած է։ Այդ բոլորը աննիւթական հարստութիւն են, որուն ժառանգորդն ու տէրը դո՛ւք էք»։
Սրբազանը կանգ առաւ 2018ի պատմական արժէքին, եւ նշեց, որ «աշակերտները պէտք է գիտակցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձը միայն մէկ տարի չեն տօնախմբեր, այլ անիկա մեր կեանքին մաս կազմած է 100 տարիէ ի վեր, ու հոն պիտի մնայ նաեւ յառաջիկային, որովհետեւ անկէ մեզի հասած են պատգամներ, որոնց իրականացման մասնակից պիտի ըլլան նաեւ հայ աշակերտները, որպէսզի մեր հայրենիքը դառնայ ամբողջական, հայ ժողովուրդը տէրը դառնայ իր բոլոր իրաւունքներուն»։
Առաջնորդը Պօղոս առաքեալին բառերով յիշեցուց աշակերտներուն, որ հոգին առաւել է քան մարմինը, եւ յորդորեց, որ կառչած մնան հոգեւոր, ազգային եւ բարոյական արժէքներուն՝ ընդմիշտ ձգտելով կատարեալին։
Եզրափակելով, սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Իր Ս. Աջը ընդմիշտ հովանի ընէ հայ դպրոցին, հայ դաստիարակներուն ու աշակերտներուն, իրենց զաւակները հայ ուսումանարանին վստահող ծնողներուն վրայ, օրհնէ խնամակալ եւ ուսումնական մարմիններուն նուիրեալ ծառայողները, բարերարներն ու հայ դպրոցի բոլոր զօրակից միութիւնները, որոնց զօրակցութեամբ կը բարգաւաճին հայ ուսումնարանները։
ԱԶԳ. Մ. ԳԱՊԱՅԵԱՆ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ
Էնսինոյէն՝ առաջնորդ սրբազանն ու ներկայացուցչական դէմքերը ուղղուեցան Նորթ Հիլզի Մարի Գապայեան նախակրթարանը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան, խնամակալ մարմինի եւ շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ նախակրթարանի դաստիարակներն ու ծնողներ։ Խօսք առաւ վարժարանին տնօրէն Ժան Գոսագեան, որ ողջունեց աշակերտներուն դպրոց վերադարձը եւ բեղուն տարեշրջան մաղթեց ուսուցիչներուն։
Առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս վեր առաւ հայ դպրոցին ու հայ ուսուցիչին պատասխանատու դերն ու առաքելութիւնը՝ հայ աշակերտներու հոգեւոր ու իմացական աշխարհի կազմաւորման մէջ, մաղթելով աննահանջ եւ անխոնջ երթ՝ յաջող տարեշրջանի մը համար։
ԱԶԳ. Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Նոյն օրը, Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի վերամուտի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ։ Իբրեւ առաջնորդ սրբազանին ներկայացուցիչը՝ ներկայ էր առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որուն կ՛ընկերանային Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան։ Ներկայ էին Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, վարժարանին ուսումնականի, շրջանի հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։
Բացման եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան։ Թորգոմ սրբազանն ու քահանայ հայրերը կատարեցին «Տէրունական» եւ Սբ. Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքները։ Այնուհետեւ, աշակերտները արտասանեցին «Աշակերտին Ուխտ»ը։ Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ ողջունեց աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը եւ անդրադարձաւ հայ դպրոցի կոչումին ու առաքելութեան։
Թորգոմ սրբազանը ողջունեց աշակերտներուն դպրոց վերադարձը, ոյժ եւ կորով մաղթեց կրթական մշակներուն, նշելով, որ «ի տես աշակերտութեան ուրախ եւ աշխոյժ ներկայութեան, այս վարժարանը գարուն եւ կեանք կը բուրէ, յոյս եւ լոյս կը ճառագայթէ»։ Ապա, ան ընթերցեց առաջնորդ սրբազանին պատգամը։
Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազանը վերամուտի այցելութիւններ պիտի տայ նաեւ այլ վարժարաններ։