«Պարտք Կը Զգանք Նկարչութեան… Թատրոնի… Եւ Այլ Միջոցներով Ամբողջ Աշխարհին Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Հայ Եւ Սուրիացի Ժողովուրդներուն Կրած Տառապանքը»
Վարեց՝ ՄԱՐԷՆ ՊԱՊԵԱՆ
Արուեստը մարդկային ապրումներու հայելին է: Մեր հոգեւոր մշակոյթն ու ճշմարտութեան որոնման իւրայատուկ եղանակը, որ կ՛արտացոլացնէ կեանքի ողբերգական կամ հերոսական, վեհ կամ նսեմ եւ յատկապէս գեղեցիկ կողմերը:
Արուեստագէտին նպատակը իր ժողովուրդին, դասակարգին կամ համայն մարդկութեան իղձերու արտաբերումն է: Արուեստագէտը իր գործերով կրնայ նահատակներ ոգեկոչել, արդարութիւնը որոնել կամ նոյնիսկ ժողովուրդ մը յեղափոխութեան մղել:
Հալէպի Արուեստից համալսարանի շրջանաւարտ Մոհամետ Պասել Ահմատ իր աւարտաճառին որպէս նիւթ ընտրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը եւ թրքական բարբարոսութիւնը համալսարանական իր միջավայրին ուշադրութեան արժանացնելով՝ փորձած է նմանութեան եզրեր գտնել Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին պատմական իր հայրենիքէն բռնի տեղահանման եւ 100 տարի ետք անպատիժ մնացած Թուրքիոյ կողմէ նոյնպիսի բարբարոսութեան ենթարկուած Սուրիոյ ժողովուրդին կրած տառապանքին միջեւ:
Մոհամետ Պասել Ահմատ ծնած է Տէր Զօր, 1996ին: Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք հետեւած է Հալէպի Պետական համալսարանի գեղարուեստի ճիւղին, որմէ շրջանաւարտ եղած է այս տարի:
Պասել Ահմատ իր աւարտաճառին որպէս նիւթ ընտրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայացուցած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը արտացոլացնող 15 գեղանկարներ:
Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ արուեստագէտ Պասել Ահմատի հետ.
ՄԱՐԷՆ ՊԱՊԵԱՆ.- Դուք շրջանաւարտ դարձաք Հալէպի Գեղարուեստի համալսարանէն եւ որպէս աւարտաճառ՝ ընտրեցիք Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը: Ի՞նչն է, որ մղեց ձեզ այս նիւթի ընտրութեան:
ՄՈՀԱՄԵՏ ՊԱՍԵԼ ԱՀՄԱՏ.- Մեծ մայրս հայ էր: Անոր ծնողները Ցեղասպանութեան ականատեսը դարձած են: Մանկութենէս ի վեր ան ինծի կը պատմէր Ցեղասպանութեան մասին: Այդ պատմութիւններէն տպաւորուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընտրեցի որպէս իմ աւարտաճառիս նիւթ եւ լուսարձակի տակ առի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ ութամեայ պատերազմին ընթացքին մարդկային ողբերգութիւնը: Մարդիկ մորթուեցան, միլիոնաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, ոմանք ձերբակալուեցան, առեւանգուեցան եւ բանտարկուեցան: Այս բոլորին կողքին, տեղի ունեցաւ նաեւ մշակոյթի ոչնչացում, պատմական կոթողներու, յուշարձաններու ծրագրուած քանդում:
Հոս կ՛ուզեմ անդրադառնալ, որ «Մայրիկ» շարժապատկերն ալ մեծ դեր ունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որմէ ազդուած՝ կարգ մը պատկերներ օգտագործեցի գեղանկարներուս մէջ:
ՄԱՐԷՆ ՊԱՊԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ արձագանգ գտաւ ձեր աւարտաճառը:
ՄՈՀԱՄԵՏ ՊԱՍԵԼ ԱՀՄԱՏ.- Աւարտաճառիս ներկայացումէն առաջ համալսարանի դասախօսներուն եւ, անոնց կողքին, արուեստագէտ Զաւէն Պարտաքճեանին եւ երաժիշտ Յարութ Ալապոզանեանին հետ թէզս քննարկեցինք: Անոնք քաջալերեցին զիս այս աշխատանքին ընթացքին, մանաւանդ որ 2006էն՝ Հալէպի Գեղարուեստի համալսարանի հիմնադրութենէն ի վեր, ոչ մէկ ուսանող ընտրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը որպէս աւարտաճառ: Աւարտաճառիս ներկայացումէն մէկ օր առաջ «Ֆէյսպուք»ի էջիս վրայ կարճ ծանուցում մը հրապարակեցի եւ հայ ու արաբ բարեկամներս, համալսարանի դասախօսներս հրաւիրեցի: Ներկայացումին ներկայ եղան նաեւ հայկական միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Հետաքրքրականը այն էր, որ ներկայ բարեկամներէս եւ հարազատներէս ոմանք տեղեակ չէին Հայոց Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին գեղանկարներս:
ՄԱՐԷՆ ՊԱՊԵԱՆ.- Խօսինք ձեր ոճին մասին:
ՄՈՀԱՄԵՏ ՊԱՍԵԼ ԱՀՄԱՏ.- Ես միակ ուսանողն էի, որ գեղանկարներուս մէջ օգտագործեցի իրատեսական ոճը, յատկապէս գործածեցի մանիշակագոյն եւ կապոյտ գոյները, որոնք կը խորհրդանշեն տխրութիւնն ու ցուրտը: Կապոյտը ունի նաեւ հոգեւոր նշանակութիւն, անիկա կը խորհրդանշէ Ս. Աստուածածնայ տարազը:
ՄԱՐԷՆ ՊԱՊԵԱՆ.- Եթէ Թուրքիա օրին իր արդար պատիժը ստանար միջազգային ընտանիքին կողմէ եւ ընդունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հատուցում կատարէր հայ ժողովուրդին, արդեօք պիտի համարձակէ՞ր կրկնել Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ նոյնպիսի բարբարոսութիւններ:
ՄՈՀԱՄԵՏ ՊԱՍԵԼ ԱՀՄԱՏ.- Հարկաւ ոչ. եթէ 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ համապատասխան պատիժի արժանանար, այսօր չէր կրնար կրկնել նոյնանման բարբարոսութիւններ Սուրիոյ մէջ ու անոր ժողովուրդին նկատմամբ, բայց մենք որպէս նոր եւ պահանջատէր սերունդ՝ պարտք կը զգանք նկարչութեան, մամուլի, բանաստեղծութեան, թատրոնի, երաժշտութեան, պարի, երգի եւ այլ միջոցներով ամբողջ աշխարհին ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն կրած տառապանքը, որպէսզի մարդկային դատեր մոռացութեան չմատնուին, ընդհակառակը, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար նոր հարթակներ ստեղծեն: