«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Օգոստոս 24ին, Ֆրեզնոյի մէջ իր մահկանացուն կնքեց 91ամեայ Օհաննէս Պուլատեանը. ազնիւ հայորդի մը, որ իւրայատուկ քայլը առած էր իր կենդանութեան օրօք իր ունեցուածքին ժառանգորդ յայտարարելու Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը (Armenian Cultural Foundation):
Պուլատեանի թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 1 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի թաղուի «Մասիս-Արարատ» գերեզմանատան մէջ:
Պուլատեան գործօն մասնակցութիւն բերած է Ֆրեզնոյի համայնքային կեանքին՝ մեծապէս նպաստելով անոր զարգացման:
2016ին, Պուլատեան իր ամբողջ ունեցուածքին ժառանգորդ դարձուց Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը: Անոր սոյն նուիրատուութիւնը յայտարարուեցաւ Հիմնարկութեան 40րդ տարեդարձի ճաշկերոյթին ժամանակ:
Պուլատեան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1970ական թուականներու սկիզբը: Ան եկած է Լիբանանէն, ուր եւս դերակատար եղած է համայնքային կեանքի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ առատաձեռն նուիրատուութիւններով սատար կանգնած տեղւոյն ազգային կառոյցներուն:
Արհեստով երկաթագործ էր, ձուլագործութեան մէջ նշանակալի յաջողութիւններ արձանագրած գործարար մը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, անդրադառնալով Պուլատեանի նուիրատուութեան՝ ընդգծեց անոր օրինակելի քայլին նշանակութիւնը, որ ապացոյց էր իր գուրգուրած կազմակերպութեան ու անոր հետապնդած նպատակներուն հանդէպ իր հաւատարմութեան ու նուիրումին:
Կենդանութեան ժամանակ ազգային սրտամօտ հաստատութեան մը ժառանգութիւն կամ ժառանգութեան բաժին թողնելու որոշումը ողջունելի՛ է, եւ համոզուած ենք, որ անիկա նուիրատուին հոգեկան մեծագոյն գոհունակութիւն պարգեւելու միջոց կը հանդիսանայ: Արդարեւ, նուիրաբերե՛լ եւ վկա՛յ դառնալ նուիրուած գումարի գործածութեան՝ ճշդուած նպատակի իրագործման ուղղութեամբ:
Պուլատեան երկու տարի ապրեցաւ այդ գոհունակութիւնը եւ այս աշխարհէն մեկնեցաւ այն վստահութեամբ, որ իր փայփայած նպատակներուն ի խնդիր՝ ինք նոյնիսկ անդենականէն կը շարունակէ պայքարիլ:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ցաւակցին Օհաննէս Պուլատեանի հարազատներուն եւ ընկերներուն՝ իրենց եւ մեր կորուստին համար: