Մենք իսկապէս բախտաւոր ենք, որ մեր աշխատանքը կը գնահատուի այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք մեր ժողովուրդի կարիքներուն ծանօթ են եւ իրենց հնարաւորութեանց չափով կը հասնին հո՛ն, ուր կարելի է հասնիլ:
Այդ անձերու շարքին է տիկին Ալիս Նաւասարգեան, որուն բարեգործութեանց շրջանակը կ՛ընդգրկէ մեր համայնքային կարեւոր կառոյցներն ու Հայաստանը:
«Անմահները» կոթողային աշխատանքի հեղինակ տիկին Ալիսը միշտ իր սրտամօտ վերաբերմունքը ցուցաբերած է «Ասպարէզ»ի հանդէպ, եւ մենք, այստեղ, կրնանք վկայել այն մեծ հպարտութիւնն ու երջանկութիւնը, որոնք տիկին Ալիսի աչքերէն կը ճառագայթեն, երբ թերթիս մէջ ան կը տեսնէ Հայոց քաջարի բանակի սխրագործութիւններուն մասին լուրերը:
Շնորհակա՛լ ենք տիկին Նաւասարգեան, ձեր բոլոր նուիրատուութեանց եւ այսօր «Ասպարէզ»ին ձեր կատարած 5000 տոլարի տարեդարձի նուէրին համար: