ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համացանցի աստղ, «Փոքերի Արքայ» Տէն Պիլզերեան Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսին ներկայացաւ հայաստանի Զինուած ուժերու վարչութիւն (կոմիսարիատ)՝ իբրեւ բանակի պահեստային զինուոր արձանագրուելով (հաշուառման):
«Բիլզերեանն այսօր հաշուառում անցաւ ՀՀ Զինուած ուժերում, նա ներկայացրել էր անհրաժեշտ բոլոր փաստաթղթերը», յայտնեցին Հայաստանի զինուորական կոմիսարիատէն:
Նոյն օրը, աւելի կանուխ, Պիլզերեան եւ իր եղբայրը՝ Ատըմ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած էին:
Տեն Պիլզերեան յայտնեց, որ իր հայրը՝ Փօլը, քանի մը տարի առաջ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած էր:
Տեն Պիլզերեան սեփական օդանաւով ժամանած էր Երեւան: Ան Հայաստան պիտի մնայ քանի մը օր: