Շաբաթ, 25 Օգոստոսին վերաօծուեցաւ Ախալքալաքէն 12 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բալխօ գիւղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին: Եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան գիւղի բնակիչներէն բացի մասնակցեցան նաեւ Հայաստանէն ու Ռուսիայէն ժամանած հիւրեր:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ 19րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին խորհրդային տարիներուն, կոր-սնցնելով իր գործառոյթները՝ վերածուած էր կոլտնտեսութեան պահեստի, իսկ յետ-խորհրդային շրջանին՝ մատնուած անուշադրութեան: Աղօթազուրկ եւ անխնամ մնացած եկեղեցին վերանորոգուեցաւ գիւղի զաւակ, ռուսիաբնակ Մեսրոպ Մովսիսեանի բարերարութեամբ։
Եկեղեցին վերաօծուեցաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ եւ Տաթեւ քհնյ. Մարուքեանի, Թադէոս քհնյ. Տէր Մկրտչեանի ու Տիգրան քհնյ. Մխիթարեանի մասնակցութեամբ: Դռնբացէքի արարողութենէն ետք, Սրբասուրբ միւռոնով օծուեցան Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Սեղանը, Մկրտութեան աւազանը եւ 16 սիւները:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեան եւ Սամուէլ Մանուկեան, Ախալքալաքի Շրջանային ժողովի նախագահ Նայիրի Իրիցեան, Ախալքալաքի շրջանային ժողովի պատգամաւորներ, հասարակական, պետական գործիչներ եւ հաւատացեալներ:
Նշենք, որ տակաւին 2004ին՝ եկեղեցւոյ առաջին մասնակի վերանորոգումէն ետք, փոխառաջնորդ, Բաբգէն աբեղայ Սալբիեանի կողմէ կատարուած էր եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգ եւ տաճարը դարձած էր Վիրահայոց թեմի գործող եկեղեցիներէն մէկը: Բալխօ գիւղին մէջ կ՛ապրին 160 ընտանիքներ: