ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակին առթիւ, 23 Օգոստոսին, մայրաքաղաքի Մոսկովեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին տեղի ունեցաւ հայկական գամփռ շան ցեղատեսակի արձանի բացման արարողութիւնը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ արձանի բացման ներկայ էին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցի հիմնադրամի վարչութեան նախագահ Տիգրան Միգդեսեան, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Մոնթէ Քարլոյի պալէի թատրոնի մենապարուհի Վիկտորիա Անանեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեան, Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան, արուեստի գործիչներ եւ այլք:
Քանդակի հեղինակ, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Հայկական գամփռի արձան ստեղծելու գաղափարը ունեցած եմ դեռ մանկութեան տարիներէն, երբ հօրս հետ կ՛երթայի սարեր եւ ես անընդհատ այնտեղ կը տեսնէի շուն մը՝ Չալօ անունով, որ շատ ապահով կը պահէր ոչխարի հօտը: Շատ տարիներ անցած են, սակայն մինչեւ այսօր Չալոյի նուիրուածութիւնը մնացած է հոգիիս մէջ: Եւ յանկարծ Հոլանտայի հայութիւնը, «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնարկը ինծի կ՛առաջարկէ քանդակել գամփռի արձանը: Ես շատ հսկայ քանդակներ ունիմ, սակայն այս գամփռ շան կերպարը ստեղծելը իւրայատուկ դժուարութիւն ունէր: Շուրջ երկու տարի աշխատած եմ այս շունը քանդակելու համար»:
Ըստ քանդակագործին՝ ինք, մարդկային կերպար կը տեսնէր գամփռի դէմքին վրայ, փիլիսոփայական հայեացք: Չալոյի արձանը յանձնելով երեւանցիներուն՝ քանդակագործը յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիները հոգատարութեամբ եւ սիրով կը փայփայեն զայն: 2013ին, Ամսթերտամի մէջ, իր փաստացի գործունէութիւնը սկսած է «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնարկը, որ սկիզբը եղած է կիրակնօրեայ հայկական դպրոց, ապա 2017ին պաշտօնապէս ստացած է հիմնադրամի կարգավիճակ: Այս հիմնադրամի աջակցութեամբ տեղադրուած է հայկական գամփռի արձանը:
«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնարկի վարչութեան պատուաւոր նախագահ Վահան Աւագեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն այդ գեղեցիկ արարողութեան մասնակից դառնալու համար: «Խումբ մը ազգասէր նուիրեալներու ջանքերով՝ քանի մը տարի առաջ, գամփռ ցեղատեսակը ծագումնաբանութեամբ եւ արտաքին նկարագիրով՝ պաշտօնապէս, ճանչցուեցաւ բացառապէս հայկական», ըսաւ Աւագեան՝ աւելցուցնելով, որ նախապէս համաձայնեցնելով Երեւանի քաղաքապետարանին հետ Ամսթերտամի հայ համայնքը որոշած էր Երեւանի 2800ամեակին առթիւ նուիրել նոր եւ բարի ընտանեկան խորհրդանիշ՝ հայկական գամփռի արձան:
Նշենք, թէ դրամահաւաքին մասնակցեցան բազմաթիւ հոլանտահայեր եւ հոլանտացիներ: