ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Օգոստոս 25ին Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, իբրեւ օրակարգի հիմնական նիւթերէն մէկը՝ քննուած է Արցախի հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը:
«Գերմանիա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ հակամարտութեան քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով», յայտարարած է Մերքել՝ ըստ գերմանական «Տի.Թի.Էյ.» լրատու գործակալութեան։
Գերմանական նոյն գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ալիեւի եւ Մերքելի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծուած միւս կարեւորագոյն նիւթը եղած է Պաքուի եւ Պերլինի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը, յատկապէս ուժանիւթի մարզէն ներս։
Քննուած է նաեւ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ ստեղծուած կացութիւնը եւ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է «շարունակել այս գծով քննարկումները»:
Մերքել Օգոստոս 25ի առաւօտեան Երեւանէն Պաքու մեկնած էր եւ Պերլին վերադարձած էր Շաբաթ երեկոյեան: