ԵՐԵՒԱն.- Ծանրորդ Նազիկ Աւտալեան յայտնեց, որ ինք՝ իբրեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) կուսակցութեան անդամ պիտի մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: Ան իր «ֆէյսպուք»ի էջին միջոցով անդրադարձաւ մամուլին մէջ տարածուած այն տեղեկատուութեան՝ ըստ որուն՝ ինք իբրեւ աւագանիի թեկնածու պիտի առաջադրուի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ:
«Ես եղած եմ եւ կը մնամ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ: Գագիկ Ծառուկեան ինծի համար ոչ միայն կուսակցութեան ղեկավար, կամ հայրենական մարմնամարզի պատասխանատու է, այլ նաեւ հարազատ մարդ եւ ընտանիքի անդամ: Այնպէս որ լրատուամիջոցներու յարգելի ներկայացուցիչներէն կը խնդրեմ արհեստական հարցեր եւ ենթաթեքսթեր չփնտռել այնտեղ, ուր անոնք չկան: Ես եղած եմ եւ կը մնամ ԲՀԿ անդամ եւ որպէս աւագանիի թեկնածու պիտի առաջադրուիմ ԲՀԿի կողմէ», գրած է Աւտալեան: