Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հրամանով, Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը 5 Օգոստոսին վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անունով:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա Ասատ, նահատակներու ծնողներուն հետ իրենց կատարած հանդիպումներու ծիրին մէջ, երկու տարբեր առիթներով հանդիպում ունեցած էին Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայած եւ Հալէպի Ալ-Նիլ թաղամասին մէջ մարտական հերթապահութեան ընթացքին, 16 Ապրիլ 2014ին նահատակուած Գրիգոր Աշնաքլեանի ծնողքին հետ: Այդ հանդիպումներուն սուրիահայ նահատակին ծնողքը խնդրած էր, որ կրթական հաստատութիւն մը կամ հիւանդանոց մը անուանակոչուի Գրիգորի անունով, անմահացնելու համար անոր յիշատակը:
Ընդառաջելով ծնողքին խնդրանքին, նախագահը յատուկ հրամանագիրով մը Հալէպի հայաշատ Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանեց «Նահատակ Գրիգոր Վարուժանի Աշնաքլեան» վարժարան, նկատի ունենալով անոր մօր այդ դպրոց յաճախած ըլլալն ու պատերազմի դժնդակ օրերուն, իր զինուորական ծառայութեան ընթացքին Գրիգորի այդ դպրոցի ուսուցչական կազմին հաց մատակարարելը: Անուանակոչման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հալէպի կրթական տնօրէնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու նահատակին ծնողքը:
Նշենք, որ Գրիգոր Աշնաքլեան եղած էր նաեւ ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտ: