Չինաստանի մէջ լոյս տեսնող «Փի.սըրչըր» (Psearcher) թերթի յատուկ թիւը այս անգամ Հայաստանի մասին է: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հրատարակչութեան հանրային կապերու ղեկավար Վանկ Մինկմէի նշեց, որ «Հայաստան՝ Դարպաս Դէպի Մեծ Շուկաներ» խորագիրով թիւը պատրաստուած է յատուկ պատճառով:
«Ընտրութիւնը այս անգամ կանգ առաւ Հայաստանի վրայ, որովհետեւ Հայաստան հին երկիր է Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին՝ իբրեւ երկու մայրցամաքները կապող կամուրջ: Դարեր շարունակ Հայաստանով կ՛անցնէր հնագոյն մետաքսի ճանապարհը, իսկ հայկական ապրանքները բաւական տարածուած էին Չինաստանի շուկաներուն մէջ, հայկական առեւտրական նաւերը կը հասնէին Ասիոյ արեւելեան նաւահանգիստները: Մեր հրատարակչական աշխատանքը հասած է Չինաստանի «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան մասնակցող երկիրներու մեծ մասին, Հայաստանն ալ կարեւոր մէկ կայարան է», յայտնեց Մինկմէի:
Ըստ հանրային կապերու ղեկավարին՝ իրենց յատկապէս հետաքրքրած է Հայաստանի կառավարութեան վարած բաց քաղաքականութիւնը եւ ենթակառոյցներու զարգացման ներուժը, որոնք կրնան գրաւիչ ըլլալ չինացի ներդրողներու համար:
«Հայաստանի կառավարութիւնը բաց դռներու քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ներդրումներու համար գրեթէ չկիրառելով սահմանափակումներ Գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած քայլերը բարձրօրէն կը գնահատեն նաեւ հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնները: Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքը գրաւիչ նախագիծ մըն է, որ կրնայ հետաքրքրել չինական ընկերութիւնները եւ ներդրողները՝ շաղկապուելով նաեւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան: Այժմ Հայաստանի կառավարութեան բաց քաղաքականութիւնը կրնայ ներգրաւել որոշ չինական ընկերութիւններ յատկապէս շինարարական նախագիծերու մէջ, ինչ որ աւելի մեծ օգուտ պիտի բերէ երկու կողմերուն», ըսաւ Մինկմէի:
Թողարկման ստեղծման համար Հայաստանի մասին անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն գտնելու համար «Փի.սըրչըր»ին օգնած է դիւանագէտ, Չինաստանի մօտ Հայաստանի առեւտուրի կցորդ Հրանդ Ապաճեան:
«Մենք համագործակցեցանք խմբագրման աշխատանքներուն, նոյնիսկ յարմար լուսանկարներ ընտրելուն, բովանդակութիւնը փոխելուն, քերականական սխալները ուղղելուն եւ այլն: Բաւական ծաւալուն աշխատանք կատարուած է: Հաւատացած ենք, որ մեր բոլոր ընթերցողները, մասնաւորապէս, ձեռնարկութիւններու ղեկավարներն ու աշխատակիցները, պիտի բացայայտեն Հայաստանը որպէս դարպաս դէպի մեծ շուկաներ», բացատրեց Ապաճեան:
Փի.սըրչըր» հրատարակչութեան ամսագիրի բաժանորդներու շարքին են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, առեւտուի նախարարութիւնը, պետական շարք մը մեծ ձեռնարկութիւններ, արտասահմանեան արտածող մեծ ընկերութիւններ, Չինաստանի