ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՖԻՖԱի կողմէ չճանչցուած պետութիւնները համատեղելու նպատակով հաստատուած Ֆութպոլի անկախ դաշնակցութեան համադաշնակցութեան՝ CONIFAի կայքէն կը տեղեկանանք, թէ 2019ի Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտախաղերը տեղի պիտի ունենան Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։
Աւարտախաղերը տեղի պիտի ունենան Յունիսին, սակայն մրցումներուն ճշգրիտ թուականը աւելի ուշ պիտի յայտարարուի։
Կայքը կը յիշեցնէ, թէ Արցախի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հասատուած է 2012ին եւ յաջորդ տարին իսկ մաս կազմած է CONIFA-ին, որուն անդամներէն մէկն է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը։ Արցախ առաջին անգամ 2014ին կրցաւ հասնիլ աւարտախաղերուն։
2019ի աւարտախաղերուն պիտի մասնակցին 12 հաւաքականներ։ Հիւրընկալ Արցախի եւ 2017ի ու 2018ի Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեաններ՝ Փատանիա (Հիւսիսային Իտալիոյ Փօ հովիտի անջատողականները) եւ Քարփաթալիա (Ուքրանիոյ հունգարացիները), ինչպէս նաեւ 2017ի Եւրոպայի փոխախոյեան Հիւսիսային Կիպրոս, առանց զտումի մրցումներու մասնակցելու արդէն իսկ ապահոված են իրենց մասնակցութեան տոմսը։ Մնացեալ 8 մասնակիցները պիտի որոշուին Յունուարին։
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարզանքի նախարար Նարինէ Աղաբալեան ողջունեց աւարտախաղերը Արցախ մէջ կատարելու որոշումը, վստահեցնելով, որ անոնց շնորհիւ տեղի պիտի ունենայ «մարզանքի, մշակոյթի եւ բարեկամութեան հոյակապ տօնակատարութիւն»։