ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- «ԱՐՄԻԱ-2018» միջազգային ռազմական սարքերու ցուցահանդէսին ներկայ ըլլալու եւ «Ազգային անվտանգութեան շաբաթ» համաժողովին մասնակցելու նպատակով Մոսկուա մեկնած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելեց ցուցահանդէսի տաղաւարը, ուր ներկայացուած էին նաեւ հայկական ընկերութիւններու արտադրանքի լաւագոյն նմոյշները:
Այցելութեան ընթացքին Տօնոյեան հանդիպեցաւ ռուսական ամէնէն մեծ ռազմաարդիւնաբերական ընկերութեան՝ «Ալմազ-Անթէյ»ի փոխտնօրէն Վեաչեսլաւ Ծիրքալնի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակը: Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ հայկական կողմը ընկերութեան հետ համագործակցութեան լաւ փորձառութիւն ունի, իսկ այժմ հետաքրքրուած է առանձին արտադրատեսակներով:
Նշենք, որ Մոսկուայի մէջ 21 Օգոստոսին մեկնարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ կնքուած երկկողմ համագործակցութեան իրաւական ապահովման ոլորտի հարցերու քննարկումները, որոնք պիտի տեւեն երեք օր:
Քննարկումներուն կը մասնակցին Հայաստանի պաշտպանութեան իրաւաբանական վարչութեան պետի գլխաւորած աշխատանքային խումբը: