ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ վերջին հայաբնակ մնացած գիւղը նկատուող Մուսա լերան Վագըֆ գիւղին մէջ պիտի բացուի գիւղի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած թանգարան, որպէսզի այստեղ ժամանող զբօսաշրջիկներուն առաւել մանրամասնօրէն պատմուի Թուրքիոյ մէջ մնացած կիլիկիահայութեան վերջին համայնքի անցեալին մասին:
Ըստ «Ակօս»ի՝ թանգարանի աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ յաջորդ տարուան Օգոստոս ամիսը՝ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, որ Վագըֆի մէջ աւանդաբար մեծ շուքով կը նշուի:
Նախագիծի հեղինակները կոչ կ՛ուղղեն աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ բնակող մուսալեռցիներուն՝ Վագըֆի ու Մուսա լերան վերաբերող որեւէ արխիւային նիւթ, լուսանկար, նամակ կամ փաստաթուղթ ունենալու պարագային կապ հաստատել իրենց հետ:
Կը նշուի, որ թանգարանը յագեցած պիտի ըլլայ ժամանակակից արհեստագիտական սարքերով, այցելուներուն պիտի ներկայացուին նաեւ Վագըֆի բարբառի, աւանդական երգերու ու պարերու, խոհանոցին ու այլ մշակութային առանձնայատկութիւնները:
Վագըֆ գիւղը յաճախ կ՛անուանուի Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը, որովհետեւ անիկա միակն է, որ ունի գործող եկեղեցի եւ երկրին մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ քրիստոնէական հայկական համայնք, մինչդեռ իսլամացուած կամ ծպտեալ քրիստոնեայ հայերու շարք մը գիւղեր ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին նման արձանագրութիւն չունին՝ պետութեան եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կողմի արձանագրուած եւ գործող եկեղեցի չունենալու պատճառով: