ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սէրուժ Աբիկեան եւ Գրիգոր Հաշէօլեան, Ուրբաթ, 10 Օգոստոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Եւրոպական միութեան դեսպանի քաղաքական խորհրդատու Թու Քրիսթոֆըր Ուեսթհոֆի հետ:
Պատուիրակութիւնը դեսպանի խորհրդատուին ներկայացուց Արցախի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ տիրող կացութիւնը՝ մտահոգութիւն յայտնելով ատրպէյճանական ուժերու կուտակման մասին:
Պատուիրակութիւնը նշեց, որ ուժերու կուտակումներուն ու Ատրպէյճանի ներքին զարգացումներու ժխտական ազդակին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած է մտահոգիչ մթնոլորտ մը, ուր լրջօրէն եւ ուղղակի կերպով վտանգուած է Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներէն ուժ չկիրարկելու սկզբունքը:
Պատուիրակութեան անդամները նաեւ շեշտեցին կարեւորութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման եւ ուժի կիրարկման բացառման հարցին մէջ ԵԱՀԿի կողմէ առաջարկուած զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմի շուրջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան, զոր ատրպէյճանական կողմը կը մերժէ մինչեւ օրս:
Եւրոպական Միութեան դեսպանի խորհրդականը արծարծուած հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն վերաբերեալ հասկացողութիւն ցուցաբերելէ ետք, նշեց, որ անմիջապէս անոնց վերաբերեալ զեկուցում մը պիտի պատրաստէ եւ փոխանցէ Պրիւքսէլ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընին պիտի ներկայացնէ հանդիպումին մանրամասնութիւնները: