3էն 5 Օգոստոս, Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը (ՌՀՄ) մայրաքաղաք Պուխարեսթի հայկական թաղամասին մէջ, 5րդ անգամն ըլլալով կազմակերպեց «Հայկական փողոց» (Սթրատա Արմէնիասք) փառատօնը, որուն ընթացքին պուխարեսթցիները հնարաւորութիւն ունեցան երեք օր շարունակ ծանօթանալու հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններուն:
Պուխարեսթի «Արարատ» ամսագիրէն կը տեղեկացնեն, թէ փառատօնը կը վարէր ՌՀՄ փոխնախագահ, պատգամաւոր Վարուժան Փամբուքճեան, եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՌՀՄ նախագահ, պատգամաւոր Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ ուրիշներ:
Փառատօնին ընթացքին ելոյթ ունեցան հայեր, ռումանացիներ, Ռումանիա ապրող այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ժամանած «Երուանդ Մարգարեան ճազ քառեակ»ը, ռումանահայ ճազ երաժիշտներ Գաբրիէլ եւ Կարպիս Տէտէեանները, ռումանահայ երգչուհի Քորինա Քիրիաք, ռումանացի յայտնի երգչուհի Իրինա Ռիմես եւ երգիչ Միհա Մըրճինեանու, ինչպէս նաեւ յոյն, գնչու, հրեայ եւ իտալացի փոքրամասնութիւններու երաժիշտներ եւ պարի խումբեր:
Փառատօնին հայկական պարարուեստը ներկայացուցին Պուխարեսթի «Վարդավառ» եւ հայկական Արմէնոբոլիս քաղաքի (ներկայիս Կեռլա) «Հայաքաղաք» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ փառատօնի կազմակերպիչներէն պարուսոյց Մկրտիչ Պաղտասարեանի Miko & Crew պարախումբը, իսկ Rampa թատերախումբը հանդէս եկաւ քանի մը փոքր ներկայացումներով:
Բազմաթիւ այցելուներու համար շրջայցեր կազմակերպուեցան Հայկական փողոցին յարակից Սուրբ Հրեշտակապետաց հայ առաքելական եկեղեցի եւ «Յովսէփ եւ Վիքթորիա Տուտեան» թանգարան-գրադարան: Փառատօնի ծիրին մէջ գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արսէն Արզումանեանի «Հայերէնի Ինքնուսոյց Ռումանախօսներու Համար» գիրքին շնորհահանդէսը, որ նոր այլընտրանքային միջոց է հայերէն սորվելու, իսկ սոփրանօ Արմինէ Խաչատրեան եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուց շարք մը հոգեւոր երգեր:
Փառատօնէն անմասն չմնացին հայկական ձեռագործ աշխատանքները, զարդերը, զարդանախշերով գորգերն ու գործուածքները: Փողոցի երկայնքին այցելուները քանի մը ժամ շարունակ հնարաւորութիւն ստացան փողոցէն անվճար ձեռք բերելու «Արարատ» հրատարակչութեան զանազան տարիներու լոյս ընծայած գիրքերը:
Յատուկ փառատօնին համար բացուած եռօրեայ հայկական ճաշարանը սպասարկեց տեղացիներուն, որոնք հնարաւորութիւն ունեցան ճաշակելու հայկական տարբեր տեսակի ճաշեր:
Երեխաներուն եւ մեծահասակներուն համար կազմակերպուած էին տեսակաւոր ստեղծագործական խաղեր:
Փառատօնի կարեւորագոյն տարրերէն էր կիրակնօրեայ պատարագէն ետո կազմակերպուած «Ջուրի պատերազմը»՝ Վարդավառը: