ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին Սեպտեմբերի սկիզբը Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներուն մասնակցութեամբ վեհաժողովի մը գումարման շուրջ:
Փեսքով նշեց, որ այդ ուղղութեամբ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:
Նշենք, որ նախորդ երկու գագաթնաժողովները տեղի ունեցած էին Սոչիի եւ Անգարայի մէջ:
Աւելի կանուխ, Թուրքիոյ նախագահական բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած էր, որ Սեպտեմբերի սկիզբը Թեհրանի մէջ պիտի գումարուի Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներուն մասնակցութեամբ եռակողմանի վեհաժողով մը, աւելցնելով, որ Անգարա մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Սուրիոյ տագնապին դիւանագիտութեան ճամբով լուծման համար Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:
Թեհրանի մէջ նախատեսուած վեհաժողովը շատ հաւանաբար պիտի կեդրոնանայ ահաբեկիչներու հակակշիռին տակ մնացող Իտլիպի եւ այլ շրջաններու իրավիճակին վրայ, միաժամանակ քննելով սուրիական տագնապին վերջին զարգացումները:
Անդրադառնալով Իտլիպի ուղղութեամբ սուրիական բանակի շարժումին՝ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիա՝ իբրեւ երաշխաւոր երկիր, չի փափաքիր, որ այդ քաղաքին մէջ պատահին Համայի, Տարաայի եւ Քնէյթրայի մէջ պատահածին նման դէպքեր»։