ՄԻՆՍԿ, «Կազեթա».- «Ռուսիա բարբարոսի պէս կը վարուի Պելոռուի հետ, սակայն պէտք է գիտակցի, որ Պելոռուսի քաղաքացիները Մոսկուայի ճորտերը չեն», յայտարարեց Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, հակադարձելով Մոսկուայի «անբարեխիղճ մրցակցութեան» եւ նոր վարկեր մերժելու Մոսկուայի որոշումին։
Ան աւելցուց, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ ռուսերը «չեն ուզեր կատարել իրենց պարտաւորութիւնները», իսկ անիկա «ոչ մրցակցային իրավիճակ» կը ստեղծէ, այն պահուն, երբ Մոսկուա Արեւմուտքը կը քննադատէ ոչ-մրցակցային պայմաններ հաստատելու յանցանքով։
Ան նշեց, որ կը պատրաստուի գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերուն մասին խօսիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ռուսիոյ Քաղաքական ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի ընդհանուր տնօրէնի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Մաքարքի կը յայտնէ, թէ Մոսկուայի դիրքորոշումը հետեւանք է Հարաւային Օսեթիոյ ու Աբխազիոյ անկախութիւնները, ինչպէս նաեւ Խրիմի Ռուսիոյ կցումը չճանչնալու Մինսկի դիրքորոշումին, աւելցնելով, որ Մոսկուայի համար հաճելի չէ նաեւ Պելոռուսի կողմէ Եւրոմիութեան եւ Ուքրանիոյ հետ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացումը: