ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դպրոցականներու մէջ կերպարուեստի, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծցնելու ուղղութեամբ՝ մշակոյթի եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնները կ՛իրականացնեն «Քո արուեստը դպրոցում» համատեղ դրամաշնորհային ծրագիրը:
Հինգշաբթի, 16 Օգոստոսին, մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցն եւ կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան լրագրողներուն ներկայացուցին վերոնշեալ ծրագիրը:
Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ երեք հիմնական ուղղութիւն՝ դասական երաժշտութիւն, կերպարուեստ եւ գրականութիւն:
«Դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակում յայտարարում ենք մրցոյթ, որի ընթացքում նշուած ոլորտների ներկայացուցիչները պէտք է նախագիծ ներկայացնեն: Այն մի քանի բաղադրիչ պէտք է ունենայ՝ լինի ինտերակտիւ (փոխգործող-Խմբ.) եւ ստեղծարար մօտեցմամբ, զարգացնի քննադատական եւ վերլուծական միտքը», յայտնեց մշակոյթի նախարարը: Պիտի ընտրուի 50 արուեստի գործիչ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրուի 1 միլիոն դրամ իրենց նախագիծին համար:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի տարբեր մարզերու 30 դպրոցներու մէջ: Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ այս ծրագիրի նպատակն է իւրաքանչիւր գրողի հնարաւորութիւն տալ ներկայացնել սեփական ստեղծագործութիւնը որեւէ դպրոցի մէջ:
«Այս ծրագիրը գումար վաստակելու ծրագիր չէ, այլ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն է արուեստագէտի եւ դպրոցի միջեւ: Այսպիսով՝ աշակերտները լայն հնարաւորութիւն կ՛ունենան մշակոյթ ստեղծողների հետ շփուելու, իսկ արուեստագէտը՝ կարող է իր աշխատանքները ներկայացնել դպրոցներում եւ դրանից էլ կ՛առեւտրայնացուի իր մշակութային պրոդուկտը (արտադրութիւնը-Խմբ.)», շեշտեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը: