ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) վերջին 100 օրերուն ընթացքին արձանագրած է մեծ ձեռքբերումներ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան:
«Իմ ղեկավարած կառոյցը ունեցած է մեծ ձեռքբերումներ: Այս 100 օրերուն ընթացքին պետական պիւտճէ բերուած գումարին չափը 8-9 անգամով կը գերազանցէ ամբողջ 2017ին վերականգնուածին չափը», յայտնեց ԱԱԾի տնօրէնը:
Վանեցեան, չուզեց անդրադառնալ ԱԱԾի նախկին գործունէութեան եւ նշեց, որ կրնայ խօսիլ միայն 10 Մայիս 2018էն սկսեալ գործունէութեան մասին: «Ես քաղաքական գործիչ չեմ եւ քաղաքական յայտարարութիւններ առհասարակ չեմ ըներ», ընդգծած է ան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչով պայմանաւորուած է ԱԱԾի արդիւնաւէտ աշխատանքը՝ Արթուր Վանեցեան ըսաւ, թէ այդ մէկը ամրացած է նոր աշխատանքով, վարչապետին եւ նոր կառավարութեան մօտեցումներով: