ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Նուպար Բշտիկեան եղած է Իրաքահայ գաղութի նոր շրջանի պատմութեան եզակի դէմքերէն մին, որ մեծ ծառայութիւն մատուցած է իր ծննդավայր Իրաք հայրենիքին, Իրաքահայ գաղութին եւ ի մասնաւորի՝ Պաղտատի Աթոռանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, իր երաժշտական բարձր տաղանդով, ուսումով եւ նուիրումով:
Ծնած է Պաղտատ, 1932ին։ Զաւակն է Ցեղասպանութենէն վերապրած զէյթունցի ընտանիքի. հասակ առած է, կրթութիւնն ու հոգեկան սնունդը ստացած է բարեպաշտ, հայրենասէր, ազգասէր եւ եկեղեցասէր ընտանիքի մը մէջ։ Փոքր տարիքէն ջութակի դասեր ստացած է լիբանանահայ ջութակահար Գրիգոր Պետրոսեանէն, ապա՝ իրաքահայ յայտնի երաժշտագէտ Արամ Պապուխեանէն, ինչպէս նաեւ ռումանացի փրոֆ. Սանտու Ալպոյէն: Աւարտած է Իրաքի Պետական Գեղարուեստական հիմնարկը եւ պաշտօնավարած է իբրեւ ջութակի ուսուցիչ:
Նուպար անդամակցած է «Հայտըն» լարային քառեակին, որ կը պատկանէր «Պաղտատի սիմֆոնիք միութեան», որ յետագային՝ 1959ին, Իրաքի վարչապետ Ապտուլ Քարիմ Քասիմի հրամանով պետականացուեցաւ եւ դարձաւ «Իրաքի Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբ»՝ Նուպարը ըլլալով անոր հիմնադիր անդամներէն:
1960-1965 անդամակցած է Պաղտատի լարային քառեակին՝ Լորիս Չօպանեանի, Հայկ Պալեանի եւ Մունտըր Ապասի հետ, իսկ 1964ին անդամակցած է գերմանացի մայէսթրօ Հանզ Քընտեր Մոմմերի ղեկավարած՝ Պաղտատի երաժշտութեան անսամպլին (համոյթին), եւ նոյն մայէսթրոյին կողմէ 1966ին ընտրուած է մասնակցելու Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ Ուսանողական սիմֆոնիք նուագախումբին՝ ներկայացնելով Պեթհովենէն գործեր եւ սենեկային երաժշտութիւն:
Շարունակաբար իր մասնակցութիւնը բերած է Իրաքի Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին, որ օրին շատ մեծ համբաւ ունէր. Նուպար եղած է խումբին առաջին ջութակահարը (Concert Master) 1960, 1971, 1973, 1974 եւ 2003 թուականներուն: Այդ նուագախումբին հետ մասնակցած է Իրաքի մէջ՝ Պաղտատ, Մուսուլ, Արպիլ եւ Սիւլէյմանիա քաղաքներու ելոյթներուն եւ «Բաբելոն» կոչուած տարեկան փառատօնին, ինչպէս նաեւ Իրաքէն դուրս՝ Յորդանանի, Լիբանանի, Տուպայի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Ամերկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած ելոյթներու:
Ան կազմակերպած է ջութակի մասնաւոր դասընթացքներ, միաժամանակ դասաւանդած է Գեղարուեստական հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Թատերապարի՝ Պալէի ու երաժշտութեան դպրոցին մէջ. իր աշակերտներէն ոմանք յետագային անդամակցած են Իրաքի Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին, ինչպէս՝ Լեւոն Զարածեան, Ալի Թուրեհի եւ Անի Մելքոնեան:
1964-1998 թուականներուն, Նուպարը կազմակերպած է զանազան նուագահանդէսներ՝ մասնակցութեամբ իր աշակերտներուն, որոնց ելոյթները բարձր գնահատուած են: 1985էն սկսեալ, նօթայի, սոլֆէժի եւ մենակատար երգեցողութեան դասընթացքներ կազմակերպած է Պաղտատի Աթոռանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» դպրաց դասին համար, իսկ 1998ին, Ազգային ծերանոցին մէջ նօթայի եւ սոլֆէժի դասընթացքներ՝ քահանաներուն եւ սարկաւագներուն համար։
1992ին, Իրաքի առաջնորդ սրբազան հօր առաջարկով, ան ստանձնած է «Զուարթնոց» սարկաւագաց եւ դպրաց դասի ղեկավարութիւնը, եւ այս բոլորը կատարած է տասնեակ տարիներ շարունակ, առանց նիւթական վարձատրութեան: Եկեղեցւոյ մատուցած իր երկար տարիներու ծառայութեան համար, 2012ին Նուպարին շնորհուած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կողմէ:
1993ին, իր դստեր՝ Շաղիկին հետ, որ նոյնպէս երաժշտագէտ մըն է, ղեկավարած է Իրաքի ՀԲԸՄի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, որ օրին ելոյթ ունեցաւ Պաղտատի Ազգային թատրոնի (նախկին՝ Օփերա) հսկայ սրահին մէջ, պետական դէմքերու, առաջնորդ սրբազան հօր եւ յայտնի արուեստագէտներու ներկայութեան:
Նուպար Բշտիկեան, իր արուեստագէտի խառնուածքով՝ զգայուն, համեստ, ազնիւ, պարկեշտ, մեծահոգի եւ օրինակելի անձնաւորութիւն մըն էր։ Իր մահը, որ պատահեցաւ Յուլիս 24, 2018ին, մեծ կորուստ մըն է Իրաքի Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին, Իրաքի հայ գաղութին, անոր եկեղեցւոյ եւ ազգային-մշակութային կեանքին, նոյնպէս՝ Իրաքի երաժշտական եւ գեղարուեստական միջավայրին:
Յարգանք ու պատիւ անոր վաստակին, եւ յաւերժ լոյս՝ անոր պայծառ յիշատակին:
Լոս Անճելըս
hampomg@yahoo.com