– Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հետաքննութիւն բացած է համացանցի ընկերային ցանցերու 346 օգտատէրերու դէմ, որոնք կը մեղադրուին «տոլարի սակագինի բարձրացման վերաբերեալ ապատեղեկատուութիւն տարածելու» յանցանքով։ Կը նշուի, որ ամբաստանեալները խուճապի մթնոլորտ կը ստեղծեն, փորձելով քաոսային վիճակի մատնել երկիրը։
– Ամերիկեան «Քոլոմպիա» համալսարանի փորձագէտներուն համաձայն՝ 2018ին աշխարհի ամենամաքուր 10 երկիրներու ցանկը կը գլխաւորէ Ֆինլանտիա, որուն կը յաջորդեն Իսլանտա, Շուէտ, Դանիա, Սլովենիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Էսթոնիա, Մալթա եւ Ֆրանսա։ Երկիրներու ցանկը կազմուած է յատուկ մշակուած բնապահպանական ցուցանիշներու համաձայն, որ իր մէջ կը ներառնէ կենսոլորտի եւ ջուրի մաքրութեան մակարդակները։