ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Աւելի քան հինգ տարիէ վեր բանտարկուած Ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամատովը պայմանական ազատ արձակելու ատրպէյճանական Վերաքննիչ դատարանի 13 Օգոստոսի վճիռը «երկար սպասուած քայլ էր», յայտարարեց Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական ծառայութիւնը՝ աւելցնելով. «Եւրոմիութիւնը եւ Եւրոխորհուրդը ուշադրութեամբ կը հետեւին Մամետովի գործին եւ կ՛ակնկալուի, որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռները լիովին կատարուին»։
Նշենք, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, եւրոպական զանազան մարմիններ 7 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Մամատովը անպարտ արձակելու կոչեր կատարած էին։
Ըստ ատրպէյճանական ատեանի վճիռին՝ Մամատով յառաջիկայ երկու տարիներուն երկրէն հեռանալու իրաւունք պիտի չունենայ։
14 Օգոստոսի երեկոյեան, Պրիւքսելի մէջ տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Եւրոմիութիւնը յոյս ունի, որ Ատրպէյճան, «ՄԱԿի, Եւրոխորհուրդի եւ ԵԱՀԿի անդամի պարտաւորութիւններուն համապատասխան», անյապաղ ազատ արձակէ եւ արդարացնէ բոլոր անոնք, որոնք ներկայիս կը գտնուին կալանքի տակ կամ այլ սահմանափակումներու կ՛ենթարկուին՝ քաղաքական դրդապատճառներով:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Մամատովը ազատ արձակելու որոշումը։