ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի 13 Օգոստոսի երեկոյեան յայտարարեց, որ այաթոլլա Խոմէյնինի օրինակով ինք եւս կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս ներկայ վարչակազմին հետ բանակցութիւնները, նոյն ժամանակ ընդգծելով. «Միացեալ Նահանգներու դէմ պատերազմ ալ տեղի պիտի չունենայ»:
Խամենէի ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն երբեք պիտի չյարգէ բանակցութիւններու ընթացքին իր ստանձնած յանձնառութիւնները, եւ միայն սնամէջ խօսքեր կ՛արտասանէ: Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններու հարցով լուրջ չէ եւ պատերազմի հարցը կ՛արծարծէ, «որպէսզի վախկոտները զարհուրին»:
Իսկ Իրանի ներքին կացութեան վերաբերեալ Խամենէի նշեց, որ որոշուած է զեղծարարութեանց դէմ վճռականօրէն եւ առանց խտրութեան պայքարիլ՝ ընդգծելով այդ պայքարին մեծ կարեւորութիւնը: