ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Աբխազիոյ տարածքին մէջ սկսած եւ ռուս զինուորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող ռազմափորձերը վնաս պիտի հասցնեն տարածաշրջանի կայունութեան: «Այս քայլը Ռուսիոյ կողմէ ուժ ցուցադրելու եւ Վրաստանին ուժով սպառնալու նոր փորձ մըն է», յայտարարեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ռազմափորձերը «սադրանք» որակելով: «Վրաստան հետեւողականօրէն միջազգային համայնքին պիտի տեղեկացնէ գրաւեալ տարածքներուն մէջ Ռուսիոյ ապօրինի ռազմական ներկայութեան եւ գործողութիւններուն մասին», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.