ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունէն հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճան Պոլթըն 13 Օգոստոսի երեկոյեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճի հետ, քննելու համար ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընի ազատ արձակման հարցը։ Սպիտակ տան համաձայն՝ տեսակցութիւնը կայացաւ Թուրքիոյ դեսպանին փափաքով։
Ըստ «Պլումպըրկ»ի թղթակիցին՝ այս տեսակցութեան ընթացքին եւս որեւէ յառաջդիմութիւն չարձանագրուեցաւ եւ Պոլթըն շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն այս հարցով որեւէ զիջում պիտի չկատարէ:
Պրանսըն Անգարայի կողմէ կ՛ամբաստանուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ գործակցելու յանցանքով եւ զայն ազատ չարձակելու Անգարայի որոշումին հետեւանքով, Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ դէմ, որուն արդէն իսկ ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող տնտեսութիւնը ծանր հարուածներ կրած է անոնց հետեւանքով։
Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատան միջամտութիւններուն հետեւանքով թրքական լիրան 14 Օգոստոսին կայունանալու սկսաւ, մինչ Էրտողան շարունակեց Ամերիկայի իր պաշտօնակիցին հետ իր բանավէճը՝ խոստանալով յաջողութեամբ դէմ դնել իր երկրին դէմ մղուող «տնտեսական ահաբեկչութեան» եւ աւելցնելով. «Աստուծոյ հրամանով ու մեր ժողովուրդին կամքով, բոլորս միասին պատառ պատառ պիտի ընենք խենդի շապիկը, զոր մեզի հագցնել կ՛ուզեն»։