ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երեքշաբթի, 14 Օգոստոսին հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուեցան արցախա-ատրպէյճանական սահմանի ներկայ իրավիճակին, արցախեան կողմէ ձեռնարկուած միջոցներուն ու իրականացուելիք աշխատանքներուն եւ 2018ի առաջին կիսամեակին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական ցուցանիշներուն վերաբերող հարցեր:
Համապատասխան զեկոյցներով հանդէս եկան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:
Օրակարգային հարցերու քն-նարկումէն եւ համապատասխան յանձնարարականներ տալէ ետք, նախագահ Սահակեան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով, անդրադառնալով ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցերու: