ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի հաշիւներու եւ պարտաւորութիւններու կառավարման յանձնաժողովը, 6 Օգոստոս 2018ին, որոշում տուաւ՝ սահմանուած կարգով կատարելու հատուցումներ 3 զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ մէկ 2րդ խումբի հաշմանդամ զինծառայողի:
Ըստ 1000plus հիմնադրամի կայքին՝ ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, շարքային Յովսէփ Կարէն Գրիգորեանի, Արմէն Հմայակ Յարութիւնեանի եւ ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, կրտսեր տասնապետ Ռուսլան Զուրիկօ Մանուկեանի ընտանիքներուն պիտի փոխանցուի միանուագ 10ական միլիոն դրամ եւ 20 տարուան ընթացքին ամսական 200,000 դրամ, ինչպէս նաեւ 2րդ խումբի հաշմանդամ շարքային Բաբգէն Էդուարդ Սիմոնեանին պիտի փոխանցուի միանուագ 5 միլիոն դրամ եւ 20 տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի ամսական 100,000 դրամ:
Նշենք, որ ցայժմ, Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամէն փոխհատուցում ստացած են 41 զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ 15 վիրաւոր (հաշմանդամ) զինծառայողներու: