Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրութեամբ մը կը յայտնէ, որ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան Մոսկուա կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան ընթացիկ հարցեր եւ ապագայի ծրագիրները: Կողմերը անդրադարձան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս՝ ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ համատեղ ծրագիրներուն:
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները կարեւոր համարեցին փոխադարձ վստահութեան եւ համատեղ ռազմավարական դաշնակցային շահերու վրայ հիմնուած համաձայնութիւնները հետեւողականօրէն կեանքի կոչելը:
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր գործընկերոջ ներկայացուց արցախա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գօտիին եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին, յատկապէս Նախիջեւանի ուղղութեամբ տիրող իրավիճակը:
Իր կարգին, հայկական կողմին խնդրանքով, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող ռազմական եւ մարդասիրական գործողութիւններուն իրավիճակը:
Նախարար Տօնոյեան վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին համակողմանի մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու մտադրութիւնը:
Խօսելով ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան հարցերուն շուրջ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները կարեւոր համարեցին այս ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող ծրագիրները ժամանակին իրականացնելը:
Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը իր գործընկերոջ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համաբանակային խաղերու փայլուն կազմակերպումին համար եւ շնորհաւորեց Ռուսիոյ Զինուած ուժերու խումբերուն գերազանց ելոյթներուն առիթով: