ՊՈԼԻՍ.- «Չարշըլը Արթին Աղա»ի հայերէնով ներկայացումը, որ գարնան եղանակին բեմ բարձրացած էր «Արփի» թատերախումբին կողմէ եւ մեծ ընդունելութիւն գտած՝ մշակութասէրներու շրջանակէն ներս, Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոսի երեկոյեան բեմադրուեցաւ Քնալըի մէջ։
«Արփի» թատերախումբի անդամները իրենց այս անգամուան ներկայացումը որոշած էին սարքել «Կազդուրման կայան»ի ի նպաստ եւ տոմսակներէն գոյացած ամբողջ հասոյթը յատկացնել կայանի տղոց կարիքներուն։
Թատերախաղը բեմադրուեցաւ «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ եւ հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ ներկայացման։
«Դերասանները դարձեալ իրենց յաջող խաղարկութեամբ գրաւեցին հանդիսականներու սիրտերը եւ գնահատուեցան երկար ծափահարութիւններով։ Վերջաւորութեան «Արփի» թատերախումբի անդամներէն Սարօ Սիրականեան բեմ ելաւ ու իր ընկերներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսականներուն, նաեւ իրենց խաղընկերներէն՝ Սարօ Պէնկլեանին, որ տակաւին երկու օր առաջ հողին յանձնած էր իր մեծմայրը, բայց այսօր իրենց հետ էր եւ դարձեալ անթերի կերպով մարմնաւորեց իր դերը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կայանի տնօրէնուհի տիկին Լիզա Չոլաքօղլուի ու բոլոր պատասխանատուներուն», կը գրէ «Մարամարա»ն։