Համազգային Գանատայի շրջանի 39րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 28 Յուլիսին, Քինկսթընի «Տելթա Քինկսթըն Ուաթերֆրանթ» (Delta Kingston Waterfront) պանդոկի ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր» եւ Քէյմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղերը ներկայացնող 26 պատգամաւորներու եւ վարչականներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Զաքարեանի: Վանոուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղը չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, սակայն ուղարկած էր իր տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրը, որ կարդացուեցաւ ժողովին:
Միօրեայ ժողովը քննարկեց Շրջանային վարչութեան անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ բանաձեւեց 2018-2019 տարեշրջանի ուղեգիծը:
Ժողովի աւարտին, պատգամաւորները միաձայնութեամբ ընտրեցին Շրջանային վարչութեան յաջորդ տարեշրջանի կազմը՝ բաղկացած Ծովիկ Գահվէճեանէ, Մեղեդի Էթիեմէզեանէ, Մարալ Հասրճեանէ, Սալբի Մարգարեանէ եւ Մարալ Պէրպէրեանէ: