Ընդառաջելով հրաւէրներու՝ Համազգայինի Յունաստանի «Նայիրի» եւ «Նանոր» պարախումբները հայ մշակոյթը ներկայացուցին համայնքին, ինչպէս նաեւ Աթէնքի եւ յարակից շրջաններու մէջ: Հայկական ու ժողովրդական, աւանդական, նաեւ ժամանակակից երգ ու պարի, ազգային տարազի հայկական շունչով՝ մթնոլորտ եւ որակ հաղորդեցին յոյն եւ օտարազգի հանդիսատեսին՝ արժանանալով ներկաներու, ապա եւ կազմակերպիչներու գնահատանքին:
Շաբաթ, 7 Յուլիսի առաւօտեան, Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը պարուսոյցին, ատենապետին եւ միաւորի անդամներուն ուղեկցութեամբ մեկնեցաւ դէպի Փելոբոնեսի Ախայիա նահանգի Սինեւրօ գիւղը, ուր կը գտնուի նաեւ հայկական ճարտարապետական ոճով կառուցուած Ս. Խաչ մատուռը: Այս դրախտավայրի, ինչպէս որ կը նկարագրեն այցելուները, սեփականատիրոջ՝ ծանօթ հայ արուեստագէտ Մարտիկ Մանիկեանի հրաւէրով էր, որ երկրորդ անգամ ըլլալով Համազգայինի պարախումբը կը մասնակցէր «Աւանդական պարերու 2րդ մշակութային փառատօն»ին:
Ելոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ երեկոյեան, համալիրի բացօթեայ ամֆիթատրոնին մէջ: «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը հանդես եկաւ «Քերծի», «Շատախի», «Դաւիթ Բէկ», «Մենք ենք, մեր սարերը» գեղեցիկ բեմադրուած պարերով (պարուսոյց՝ Էտկար Էկեան): Փառատօնին կը մասնակցէին նաեւ Էղիոյէն, Փաթրայէն, Կրետէ կղզիէն եւ այլ շուրջ 10 գիւղերէ ու շրջաններէ ժամանած պարախումբներ:
Նոյն օրը երեկոյեան, Գարէայի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ խորանի օծման եւ անուանակոչութեան Բ. տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն Գարէայի «Ազատամարտ ակումբին մէջ:
Համազգայինի «Նանոր» պարախումբը՝ ընդառաջելով Գարէա-Կեսարիանիի Թաղային խորհուրդի հրաւէրին՝ ակումբի բացօթեայ դաշտին մէջ ելոյթ ունեցաւ եւ կենսուրախութիւն, ժպիտ պարգեւեց ներկաներուն. պատանի պարուհիներու գեղեցիկ պարը լուսաւորեց եւ ջերմացուց հոգիները (պարուսոյց՝ Աննա Պօղոսեան):
Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ նախագահեց Ս. պատարագին եւ ներկայ եղաւ մատաղօրհնութեան տօնախմբութեան, իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շնորհաւորեց Համազգայինի «Նանոր» պարախումբի պարուհիներու ելոյթը՝ մաղթելով անոնց յարատեւ յաջողութիւն:
Իսկ Շաբաթ 21 Յուլիսի երեկոյեան, Ախայիա շրջանի Նիքոլէյքա ծովափնեայ գիւղին մէջ, Համազգայինի «Նանոր» պարախումբը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ «Մանկական համաշխարհային փառատօն»ին:
(Համազգայինի թղթակից)