Երկուշաբթի, 6 Օգոստոսի երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ եւ Գանատայէն Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած ու խտացուած դասընթացքներուն մասնակցող համալսարանական ուսանողները, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները (ՀԵՀՈՄ), հաւաքուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին շուրջ, Մայրավանքի շրջափակին մէջ, եւ ունեցան եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առընչուող հարցերու ու մտահոգութիւններու մասին անգլերէնով զրոյց մը, որ ուղղակի կերպով սփռուեցաւ «Cilicia TV»ի «Ֆէյսպուք»ի էջով, առիթ ընծայելով նաեւ այլոց մասնակցելու զրոյցին:
Երիտասարդներուն անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Աննա-Մարի Տանայեան (Ամերիկայի Արեւելեան թեմ): Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին խտացուած դասընթացքին կազմակերպման, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն հետ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին կարծիք փոխանակելու առիթ ընծայելուն համար, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց հայրապետին:
Իր խօսքին մէջ, հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն՝ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու յատկապէս անոր վերանորոգման ու բարեկարգութեան իրենց ունեցած նախանձախնդրութեան: կաթողիկոսը վերյիշեցուց, որ իր մտածումներուն ու աղօթներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն երիտասարդները, ու ընդգծեց, որ անոնք հայ եկեղեցւոյ ու համայնքին մայր էջին կը պատկանին, իսկ զանոնք լուսանցքայնացնելու բոլոր փորձերը անընդունելի են: Խօսելով եկեղեցւոյ բարեկարգման մասին, ան դիտել տուաւ, որ բարեկարգութիւնը ոչ թէ վարչական համակարգին կ՛ակնարկէ, այլ մէկ քայլ անդին երթալով իր մատը կը դնէ եկեղեցւոյ ամբողջական դրսեւորման վրայ, բան մը, որ շարունակական գործընթաց մըն է: Ան աւելցուց, որ եկեղեցին կառոյց ու հոգեւորականութիւն չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է եկեղեցին, իսկ հայ եկեղեցին բարեկարգութենէն անդին պէտք է առաջնորդել դէպի վերանորոգում, որ աւելի համապարփակ գործընթաց մըն է:
Ինչ կը վերաբերի բարեկարգութիւն պահանջող մարզերուն, վեհափառը ամփոփ կէտերով մատնանշեց շարք մը բնագաւառներ ու պարզեց իր մտածումները. հայրապետը ըսաւ, որ հարկ է քայլ պահել 21րդ դարու փոփոխութիւններուն հետ՝ հիմնուելով Աստուածշունչին եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու արժէքներուն վրայ, հայ եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը դարձնել աւելի համապատասխան ներկայ դարուս, բարեկարգել մեր ծէսը, զարկ տալ մեր հոգեւոր դասու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններն ու արդիականութիւնը ագուցանել իրար հետ: Ճիշդ չէ դարուս մարտահրաւէրները մերը չնկատել եւ անդրադարձ չունենալ հիմնախնդիրներու, որոնք անցեալին գոյութիւն չունէին. այս իմաստով ժողովուրդը ինք, ի մասնաւորի երիտասարդութեան նոր մտածելակերպն ու մօտեցումը հարցերուն նկատմամբ, պիտի մղէ եկեղեցին, որ խօսի հարցերու մասին ու բարեկարգումներու առաջարկներ ներկայացնէ:
Կաթողիկոսը նաեւ շեշտեց, որ մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման պէտք է նաեւ մասնակցին զանազան բնագաւառներու մէջ մասնագիտութիւն ձեռք ձգած անձեր, տիկիններ ու երիտասարդներ. չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի է. ինչպէս ժամանակին իշխաններ, նոյնիսկ զինուորականներ, մասնակից դարձած են բարեկարգչական ժողովներու, այսօր եւս մեր եկեղեցւոյ վերանորոգումը կղերակեդրոն պէտք չէ ըլլայ, այլ ժողովրդակեդրոն:
Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հոգեւոր հովիւներուն պարտաւորութիւնները եւ յայտնեց, որ եկեղեցին անոնց չի պատկանիր, այլ՝ ժողովուրդին, հետեւաբար, անոնց պարտականութիւններէն է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին:
Զրոյցին երկրորդ բաժինով երիտասարդները իրենց հարցումները ուղղեցին ու մտահոգութիւնները բաժնեցին վեհափառին հետ: Անոնք հիմնականօրէն անդրադարձան ժողովուրդին մօտ բարեկարգումներ յառաջացնելու մարտահրաւէրներուն, եկեղեցւոյ թափանցիկութեան, հին ու նոր սերունդին բախումներուն, հոգեւորական ու աշխարհիկ յարաբերութիւններուն, լեզուի խոչընդոտի (գրաբար թէ աշխարհաբար), կրօնքի եւ գիտութեան, ներկայ դարու հաւատքի ամրացման, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ բարոյագիտութեան:
Վեհափառը իւրաքանչիւր հարցի տալով համապատասխան լուսաբանութիւն՝ միշտ ընդգծեց երիտասարդներուն կարեւոր դերակատարութիւնը փոփոխութիւն եւ բարեկարգում բերելու գործընթացքին մէջ:
Եզրափակելով երեկոն, հայրապետը շեշտեց, որ եկեղեցւոյ բարեկարգումը կը պահանջէ հետեւողական աշխատանք ու լայնմիտ մասնակցութիւն, հեռու կարծրատիպ մօտեցումներէ եւ ըսաւ. «Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումը սկսաւ այս վայրկեանէն՝ անոր նկատմամբ մեր երիտասարդութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութեամբ ու անոր մասնակից դառնալու պատրաստակամութեամբ»: