ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ
Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ եւ Թալին Մանճիօղլուի կազմակերպութեամբ, հանդիպում մը ունեցայ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, իր գրասենեակին մէջ, Յուլիս 9, 2018ին:
Ծերակուտականը մեր համայնքին մէջ ծանօթ է հայկական հարցերուն իր զօրակցութեամբ եւ ամէն տեսակ օժանդակութեամբ: Իր ջանքերով իրականացած եւ զետեղուած է Փասատինայի մայրուղիին վրայ ճանապարհային ծանուցում-տախտակը, ուր գրուած է. «Ելք դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան»: Օրական, հարիւր հազարներով անցորդներ կը տեսնեն այդ ցուցատախտակը։
Վերջերս, դարձեալ ծերակուտական Փորթանթինոյի առաջարկով եւ զօրակցութեամբ, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրէնք մը՝ «Ցեղասպանութեան մասին յատուկ ուսուցիչներու պատրաստութիւն՝ հանրային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու համար»:
Այս եւ նման քայլերու համար փափաքեցայ ծերակուտական Փորթանթինոյի հետ տեսնուիլ, իրեն ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ծնողքիս վերապրումի պատմութեան մասին մրցանակ շահած գիրքերուս առաջին հատորը: Այս գիրքը Ամերիկայի եօթը համալսարաններու գրադարաններուն մէջ տեղաւորուած է՝ սկսած «Հարվըրտ»էն մինչեւ «Եու.Սի. Ռիվըրսայտ»: Վերջին համալսարանին մէջ հրէական պատմութեան դասատու Մայքըլ Ալեքսանտր, շնորհաւորելով գիրքին հրատարակութիւնը՝ յայտնեց. «Այս գիրքը շատ կարեւոր է Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւն կատարելու համար: Հիմա աշակերտներս կրնան իրենց պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները կատարել քու գիրքէն»: Աւելի կանուխ, քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Ճիւտի Չու, ինչպէս նաեւ «Հոլիվուտ Պուք Ֆեսթիվալ»ի դատական կազմը նման յայտարարութիւններ կատարած էին. այս եւ նման յայտարարութիւններն ու կարծիքները յանձնեցի ծերակուտական Փորթանթինոյի ուշադրութեան՝ մատնանշելով գիրքին օգտակարութիւնը Ցեղասպանութեան գծով ուսուցիչներու պատրաստութեան համար։ Հանդիպման ընթացքին թուեցի նաեւ գիրքիս մէջ յիշուած կարգ մը նորութիւններ, օրինակ՝ Ամերիկեան Կարմիր Խաչի հիմնադիր Գլարա Պարթոն Թուրքիա գացած էր 1896ի Յունուարին, օգնութիւն հասցնելու համար 1895ի ջարդերուն ժամանակ հայկական շր-ջաններուն: «Չորս գիրք ունիմ Պարթոնի կենսագրութեան մասին, ուր ոչ մէկ ծանօթութիւն կայ այդ ճամբորդութեան, սակայն ես ստոյգ աղբիւրներէ՝ ամերիկացի միսիոնարներու գրած երկու գիրքերէ տեղեկացած եմ այդ մասին: Երկրորդ, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսաւ Օգոստոս ամսուն սկիզբը, ռուսական 2րդ բանակը, մանր-մունր յաղթանակներէ ետք, Օգոստոսի վերջին օրերուն արդէն իսկ քայքայուած էր, իսկ հրամանատարը՝ զօր. Սամսոնով՝ անձնասպան եղած: Սակայն Վիսթիւլա գետին վրայ (Լեհաստանի մէջ), ռուսական 2րդ բանակի հայ զինուորները, Սեպտեմբերէն մինչեւ Հոկտեմբերի վերջերը մղուած կռիւներէ ետք այնպիսի՛ յաղթանակ մը տարին, որուն համար Չըրչըլ Լոնտոնէն իսկ յայտարարեց. «Այդ հայ զինուորներուն յաղթանակը մեզի դուռ բացաւ Լա Մառնի մէջ»: Արդարեւ, որպէսզի դիմագրաւէ հայերուն գրոհները, Գերմանիա Լա Մառնէն զինուոր քաշեց՝ Վիսթիւլայի ճակատը պաշտպանելու համար, եւ այդպիսով Լա Մառնի պաշարումը վերցուեցաւ։
Ծերակուտականին ներկայացուցի նաեւ տեսերիզ մը, զոր արձանագրած էի Թուրքիա այցելութեանս ժամանակ եւ որուն մէջ գոնէ երեք տեղ ակնարկութիւն կայ հայկոց ջարդերուն մասին: Եթէ անիկա խմբագրուի, շատ օգուտ կրնայ ունենալ Ցեղասպանութեան փաստարկման իմաստով:
Ծերակուտականին առաջարկեցի կարդալ գիրքս, եւ ան խոստացաւ ընդառաջել. երեք շաբաթ չանցած, ստացայ նամակ մը, որով ան կը յայտնէր իր զգացումները.
«Պարո՛ն Մատէնճեան, չեմ կրնար պէտք եղածին չափ շնորհակալ ըլլալ ձեր գիրքին՝ «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness»ին համար: Հակառակ Հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթին մասին ունեցած հմտութեանս, ձեր գիրքին ընթերցումը հանդիսացաւ նոր փորձառութիւն մը. անոր էջերուն ընդմէջէն ներկայացուած պատմական, վաւերագրական, գրական եւ արուեստի արժէքները՝ գիրքին ընթերցումը դարձուցին լուսաբանական եւ վարձահատոյց: Ձեր կորսնցուցած հայրենական հողն ու անոր բնակիչները վերակենդանացան՝ ձեր անմիջական նախահայրերուն մասին ցաւալիօրէն տխուր եւ հմտօրէն պատմուած պատմութեան ընդմէջէն:
«Բռնագրաւուած Դրախտը» պարզ գիրք մը չէ՛. անիկա յուշակոթող մըն է՝ միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին կանգնած եւ ի պատիւ այն ազգին, որ վերապրեցա՛ւ, հակառակ ամէն տեսակ դժբախտութեան:
Հաւատացէ՛ք, ձեր աշխատանքը նշանակալի նպաստ մըն է ապագայ ցեղասպանութիւններու կան-խարգիլման ազնիւ նպատակին համար»:
Մայիս 27, 2018ին, ծննդեանս 80ամեակը եւ գրական գործունէութեանս 30ամեակը նշուեցան «Քարուսել» ճաշարանին մէջ՝ ընտանեկան պարագաներով շրջապատուած: Այդ առթիւ յայտարարեցի մանկական պատմութիւններու երկու տարբեր գրքոյկներու՝ անգլերէնով ու հայերէնով հրատարակութեան մասին: Ֆրան-սերէն գրքոյկները կը սպասեն հրատարակութեան:
Առաջին անգամ ըլլալով այդ պատմուածքները կը յանձնուին մամուլին՝ իրենց հետաքրքրական նիւթերով եւ գունաւոր պատկերներով: Նախապէս, գիրքերուս ընդհանուր նիւթը կ՛ընդգրկէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: