ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, 29 Յուլիսին, կարեւոր նուաճում մը կատարեց Լիբանանի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աւարտական կարգի աշակերտներէն, ՀՄԸՄի ընտանիքին մաս կազմող Նարեկ Փանոսեան, որ բարձրացաւ Եւրոպայի ամէնէն բարձր լերան գագաթը՝ հոն պարզելով հայկական եռագոյնը եւ Լիբանանի դրօշակը:
Բնականաբար, Ռուսիոյ մէջ գտնուող Էլպրուսի գագաթը (5642 մեթր), որ Եւրոպայի ամէնէն բարձր գագաթն է, նուաճած են շատ-շատեր, բայց Փանոսեան հանդիսացաւ այդ գագաթը նուաճած կրտսերագոյն տղայ լիբանանցին: