ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- Երկուշաբթի, 6 Օգոստոս 6ի առաւօտեան, «Հայրենիք»ի շէնք այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ, շրջելու համար քանի մը գաղթօճախներ, որոնց կարգին Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք եւ Պոսթըն:
«Հայրենիք»ի անձնակազմին կողքին, ներկայ էին ՀՕՄի եւ ՀԵԴի ներկայացուցիչներ: Նախարար Հայրապետեանին կ՛ընկերակցէր խորհրդատու Վահէ Սահակեան (Միշիկըն), իսկ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ներկայացնէին Ճորճ Աղճայեան եւ Ժան Աւետիսեան:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր:
Նախարարը յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց կատարուելիք աշխատանքներուն մասին եւ կոչ ուղղեց անմիջական գործակցութեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան բնագաւառներէ ներս Հայաստանի ի նպաստ գործող ժողովրդական կազմակերպութիւններուն, որոնք յատկապէս տագնապալի օրերուն կը գործեն եւ իրենց անմիջական ներդրումը կը բերեն:
Հուսկ, նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց ՀՅԴի եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան արխիւները:
Նշենք, թէ Շաբաթ, 4 Օգոստոսի երեկոյեան, Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած էր հանդիպում-զրոյց, իսկ յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 5 Օգոստոսին, նախարար Հայրապետեան այցելած էր շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները, ապա մեկնած էր «Քեմփ Հայաստան» բանակավայրը: