«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ասպարէզ»ը իր 110ամեակը պիտի նշէ Հոկտեմբեր 21ին: Այդ առթիւ կազմակերպուած է ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն մը, որուն մասին մանրամասնօրէն կը տեղեկագրենք յետագային: Այս հանգրուանին, կ՛ուզենք մեր ընթերցողներուն հետ կիսել մեր ուրախութիւնը՝ ի տես այն ընդառաջումին, զոր ցոյց կու տան մեր բարեկամները: Արդարեւ, պատասխանելով խմբագրութեան դիմումներուն՝ թերթիս բազմաթիւ բարեկամներ իրենց նուիրատուութիւններով կը մասնակցին խմբագրութեան յայտարարած 110ամեակի հանգանակային արշաւին:
Խմբագրութիւնս նաեւ դրական պատասխաններ կը ստանայ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը հովանաւորողներու ուղղուած դիմումներուն: Արդարեւ, Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեաններուն այսօր կը միանան Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուքեանները: Շուտով կը կատարենք նոր յայտարարութիւններ: Մենք երախտապարտ ենք ու ոգեւորուած: Շատ գործ ունինք ընելիք եւ ձեր օգնութեամբ պիտի շարունակենք գործել, աւելի՛ լաւ ծառայել մեր համայնքին եւ ժողովուրդին: