«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 17ին ժողովուրդը հրաւիրած է Հանրապետութեան հրապարակ՝ իր վարչապետութեան հարիւր օրերու գնահատականը կատարելու:
Վարչապետի իւրաքանչիւր քայլին ու խօսքին ուշադիր հետեւող ժողովուրդին համար, այդ օր նոր բան պիտի չըսուի: Աւելի ճիշդ՝ այդ օր Նիկոլ, հաւանաբար, պարզապէս պիտի կրկնէ իր նախկին յանձնառութիւնները եւ վերահաստատէ իր վճռականութիւնը՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու, երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու, մենաշնորհները վերացնելու եւ իսկական ժողովրդավարական պայմաններու տակ արդար ընտրութիւններ կազմակերպելու կապակցութեամբ:
Այդ ամէնը յստա՛կ է: Այդ օր յստակ պիտի դառնայ նաեւ, թէ ինք՝ ժողովուրդը, ինչպէ՛ս կը գնահատէ նոր իշխանութեան գործունէութիւնը, յայտնի պիտի դառնայ, թէ Նիկոլն ու իր գործակիցները որքանո՛վ կը վայելեն ժողովրդային լայն խաւերու վստահութիւնը: Այդ վստահութեան ամրութիւնն է, որ գլխաւոր երաշխիքը կը նկատուի նոր իշխանութեան ծրագիրներու իրականացման:
Այդ օր, ժողովուրդը իր զանգուածային ներկայութեամբ պիտի յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը՝ զօրակից մնալու երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, կաշառքն ու անարդարութիւնը արմատախիլ ընելու գործողութիւններուն:
Այդ օր, ժողովուրդը պիտի յայտարարէ, որ թէեւ տակաւին շօշափելիօրէն կամ նոյնիսկ մասնակի չափով չէ բարելաւուած իր կեանքը, ինք տակաւին յոյս ունի եւ հաւատք, թէ այդ բարեփոխումները ի վերջոյ պիտի ապահովե՛ն այդ արժանապատիւ կեանքը, որ իր տարրական իրաւունքն է: