ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իրավիճակը թէ՛ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին եւ թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածին վրայ հանգիստ է:
«Թէ՛ Արցախում, թէ՛ հայ-ադրբեջանական սահմանի Նախիջեւանի հատածում այս պահին յարաբերական անդորր է», ըսաւ նախարարը:
Դաւիթ Տօնոյեան նաեւ հաւաստիացուց, որ հակառակորդին կողմէ որեւէ ոտնձգութիւն տեղւոյն վրայ կը չէզոքացուի:
Անդրադառնալով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին Եուրի Խաչատուրովը փոխարինելու թեկնածութեան վերաբերեալ հարցին՝ նախարարը յայտնեց, որ մինչեւ ժամկէտի աւարտը Հայաստան պէտք է շարունակէ ՀԱՊԿի նախագահութիւնը:
«Այս պահին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի թեկնածութեան հարց չի քննարկուել, սակայն Հայաստանը պէտք է շարունակի նախագահութիւնը մինչեւ ժամկէտի աւարտը», ըսաւ Տօնոյեան։
Նշենք, որ ՀԱՊԿի Հայաստանի նախագահութեան ժամկէտը մինչեւ 2020ի Յունուարն է: