ՍԱՆ ՓԱՈՒԼՕ.- Համազգայինի Պրազիլի մասնաճիւղի «Արեւիկ» եւ «Կիլիկիա» պարախումբերը 29 Յուլիսին մասնակցեցան Սան Փաուլոյի մէջ կայացած Ազգերու փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ արդէն 5րդ անգամն ըլլալով:
Փառատօնին մասնակցողները ներկայացուցին իրենց երկիրներու ազգային խոհանոցը եւ մշակոյթը: Ներկաները կրցան ոչ միայն համտեսել պատրաստուած ուտելիքները, այլ նաեւ փառատօնի անմիջական մասնակիցը դարձան:
Փառատօնին հայկական պարախումբերը հանդէս եկաւ հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ եւ ներկաներուն սորվեցուց հայկական պարեր՝ Թամզարա, Կարնոյ քոչարի, Մշոյ խըռ եւ այլն:
«Մասնակիցները շատ խանդավառուեցան հայկական պարերու գեղեցկութեամբ: Անոնք նոյն ժամանակ շատ մեծ հետարքրքրութեամբ լսեցին փոքրիկներու պարախումբի պարուսոյց Անայիս Զատիկեանի բացատրութիւնները հայկական պարերուն, մշակոյթին եւ պատմութեան մասին» յայտնեց Վարդինէ Գալայճեան: