ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ ՀԲԸՄի Հայաստանի գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին մասնակցեցան նախարարի տեղակալներ Ալպերթ Բաբայեան եւ Աւագ Աւանեսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: Քննարկման առանցքը կազմեցին նախարարութեան եւ համահայկական կառոյցին համագործակցութեան առընչուող հարցերը:
ՀԲԸՄի Հայաստանի գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեան տեղեկացուց, որ ՀԲԸՄը կը շարունակէ ընդլայնել իր աշխատանքները, եւ իրենք նոր թափով պիտի սկսին հասարակական-տնտեսական ծրագիրներու իրականացման. այս հանդիպման նպատակն է՝ հասկնալ նախարարութեան հետ աշխատանքի ա-ռաջնահերթութիւնները՝ կամուրջ դառնալու Սփիւռքի եւ Հայաստանի գործարարներու համար:
Արծուիկ Մինասեան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄի շարունակական եւ նպատակային աշխատանքը եւ ողջունեց տնտեսական ոլորտին նկատմամբ կառոյցի փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւնը եւ հետաքրքրուածութիւնը:
Նախարարը ներկայացուց ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, անդրադարձաւ համագործակցութեան հնարաւոր հեռանկարներուն: Խօսուեցաւ նաեւ մասնագէտներու կարողութիւններու հզօրացման, մարդուժի ամբողջացման, ներդրումներու խթանման եւ շարք մը այլ հարցերու մասին:
Հանդիպման աւարտին գոյացաւ համաձայնութիւն՝ սեղմ ժամկէտներու մէջ համապատասխան տեղեկատուութեան փոխանակման, անհրաժեշտութեան պարագային՝ աշխատանքային խումբերու ստեղծման մասին: