ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 20էն 22 Յուլիսի օրերուն Արցախ կը գտնուէին Միջին Արեւելքի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան եւ Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 25ամեակին առիթով հաւաքուած էին Արցախի բոլոր ներկայացուցչութիւններու պատասխանատուները: Արտաքին աշխարհի մէջ Արցախը ներկայացնողները շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած են՝ իրար լսելով, կարծիքներ փոխանակած են եւ նախանշած յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները:
Ըստ Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի գրասենեակի պատասխանատուին՝ ներկայացուցիչները յանձնարարական ստացած են աշխատելու սփիւռքէն գործարարներու, առեւտրականներու եւ ներդրողներու հետ, որոնց միջոցով Արցախի մէջ տնտեսական ներդրումներ պիտի կատարուին: «Քաղաքական ներկայութենէն բացի, մենք յաւելեալ ջանք պէտք է թափենք, որ տնտեսական ներդրողներ գտնենք եւ ճիշդ ձեւով ուղղորդենք զանոնք: Տեղեկութիւններ ստացած ենք, թէ ի՛նչ ծրագիրներ կարելի է իրագործել, ո՛ր շրջաններուն մէջ, ի՛նչ պիւտճէով», նշեց Պետօ Տէմիրճեան՝ աւելցնելով, որ պիտի շարունակեն նաեւ գործունէութիւնը քաղաքական մարզին մէջ՝ Արցախի ճանաչում, պատուիրակութիւններու այցելութիւններ, լրագրողներու այցելութիւններ եւ քոյր քաղաքներու հռչակումներ:
Ինչ կը վերաբերի Մայիսին Մարտակերտ եւ Պուրճ Համուտ, Կովսական եւ Այնճար քաղաքներուն միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներուն, ապա թէ՛ Այնճարի եւ թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետները արդէն մէկական ճանաչողական այցելութիւններ կատարած են դէպի Արցախ եւ կը քննարկեն գործնական մարզին մէջ իրարու հետ աշխատելու ծրագիրները:
Ըստ Պետօ Տէմիրճեանի, Արցախը կարելիութիւն ունի անուղղակիօրէն ճանչցուելու՝ ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացումով, որ կը նշանակէ աշխատանք լրագրական շրջանակներու, քաղաքական, համալսարանական, տնտեսական միջավայրերու, քոյր քաղաքներու միջոցով: «Հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Արցախի ճանաչողութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ բարձրացնելը, իսկ ճանաչումը, վստահաբար, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ներկայացուցչութիւններու աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնն է», աւելցուց Պետօ Տէմիրճեան: