ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Վերջին քանի մը օրերուն, Հայաստանի մէջ փնտռեցի՝ գտնելու համար նորը, այն Նոր Հայաստանը, որուն գալուստը խանդավառութեամբ եւ բոլորով դիմաւորեցինք ասկէ հազիւ երկու ամիսներ առաջ: Աւելի՛ն, անձնապէս ինծի համար կենսականը գտնելն էր հետքերը Յեղափոխութեան մեկնարկին, այն յեղափոխութիւնը, առանց որուն համոզուած եմ Նորը լոկ նորարարութեան սահմաններէն անդին չի կրնար անցնիլ եւ շատ արագ կրնայ հիւծիլ:
Փնտռեցի եւ դեռ կը փնտռեմ ա՛յն յեղափոխութիւնը, որ գէթ հայու իմ տեսակիս համար ռոմանթիք առասպել մը ըլլալէն շատ աւելին է, յեղափոխութի՛ւն մը, որուն ազգային, արդարամիտ ու ժողովրդավարական հոգեմտաւոր լիցքն է միայն, որ պիտի կարենայ փրկել մեզ թէ՛ որպէս երկիր, թէ՛ որպէս ազգ: Համոզուած եմ, որ եթէ Հայաստանի մէջ սկիզբ առած համաժողովրդային շարժումը չվերածուի համազգային շարժումի մը (որուն միայն նշոյլները կը տեսնեմ առայժմս) եւ Սփիւռքի աւելի անմիջական մասնակցութեամբ չվերածուի համազգային յեղափոխութեան մը, ուր ազգային հիմնական արժէքներ կը պաշտպանուին, բայց ազգային ներուժը կը վերանայուի ու կը վերադասաւորուի, ապա՝ մենք կը ձախողինք: Կը ձախողինք, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ, անտեղի ու ամլացնող պահպանողականութիւնը այնպիսի իրավիճակ ստեղծած է, որ մակերեսային ճշգրտումները աւելի շատ վնասակար դարձած են, քան՝ օգտակար: Մերօրեայ մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահելու համար, ներազգային իրականութեան մէջ պէտք է վերանայիլ այն մեթոտները ու յեղափոխել այն գործելաոճը, որ կը խեղթէ տեսադաշտը ընդարձակելու ամէն փորձ, ուր նոր որակ բերելու ճիգերը կ՛ընդունուին իբրեւ դաւաճանական (նոյնիսկ օտարամէտ) սադրանք:
Իրօ՛ք, հոս ժողովուրդի տարբեր խաւերուն մօտ կայ այն համոզումը, թէ Հայաստանի մէջ ինչ որ բան փոխուելու ընթացք կայ: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ բոլորին մօտ կայ այն գլխագիր ՅՈՅՍը, որուն մասին այնքան խօսած էինք ու զայն փայփայած: Յոյսը, որ մեր չարչրկած ազգին համար օդի ու ջուրի համազօր է: Յոյսը՝ ապագայի ծրագիրները պատկերացնելու Հայաստանի սահմաններէն ներս, եւ ոչ թէ օտար ափերու վրայ:
Բոլորին կողմէ չէ որ փոփոխութեան բոլոր դրսեւորումները լաւ կ՛ընկալուին: Տեղի-անտեղի վախեր կան, եւ երբեմն ալ շինծու զգուշաւորութիւն մը կայ: Այն մարդոց մօտ, որոնք նախքին վարչակարգի ատեն ձեւ գտած էին յարմարելու, կամ նոյնիսկ առանձնաշնորեալ վիճակի մը մէջ էին, նկատելի է վատը կանխատեսելու միտում: Մօտալուտ պատերազմի մը նախանշաններ գուշակելէն, մինչեւ ռուսական դիրքորոշման կարծրացում կանխատեսողներ կան: Օրինակ՝ մարդիկ, որոնք երկրի քաղաքական եւ տնտեսական անկախութիւնը վաղուց յանձնած էին ու իրենք նոյնիսկ յանձնուած՝ օտարի ուժին, այսօր օտարամոլութեան երեւոյթներով մտահոգութիւն կ՛արտայայտեն ու մեզ «թափանցումներ»է կը զգուշացնեն:
Աւելի քան յստակ է Յեղափոխութեան թշնամիներու (լա՛ւ, ըսենք՝ զգոյշներու) ռազմավարութիւնը, որ այսօր երեք ուղղութիւններով կը զարգանայ: Առաջին՝ ամէն կերպ ցոյց տալ, որ երիտասարդ իշխանաւորները անփորձ են, անատակ են եւ ուրեմն՝ անկարող են երկրի ղեկավարութեան լուրջ գործը յառաջ տանելու: Երկրորդ՝ այս վերջինները զուրկ են հայկական ազգային աւանդական արժէքներէ ու հասկացողութիւններէ եւ ուրեմն՝ ներկրողն են այնպիսի բարքերու, որոնք օտարոտի են, հայկական չեն, քանդի՛չ են: Երրորդ ու գուցէ ամէնէն վտանգաւորը կազմակերպուա՛ծ ու ֆինանսաւորուա՛ծ ճիգն է՝ նոր իշխանութիւնները ցոյց տալու իբրեւ արեւմտամէտ եւ նոյնիսկ հակառուսական: Հաւանաբար, այս վերջին մարտավարութիւնը շատ տարրական եւ առերեւոյթ ծիծաղելի ձեւ ըլլայ ռուսական կողմին վրայ ազդելու, բայց ժամանակի ընթացքին հետեւողական քարոզչութիւնը կրնայ իր աւէրը գործել ու Հայաստանը վտանգի տակ կանգնեցնել: Յիշենք, թէ պոլշեւիկները ինչպէ՛ս ներսէն կրծեցին Հայաստանը՝ Առաջին անկախութեան օրերուն:
Միւս կողմէ, ուրիշներ՝ երիտասարդներ, ուսանողներ, որոնք գրեթէ ոչինչ ունէին կորսնցնելիք նախկին ռէժիմին օրօք, անոնք այսօր անցկութեամբ կը սպասեն նոր իշխանութիւններու խոստումներու արդիւնքներուն, եւ՝ յաւելեալ խիզախութեան: Շատերու մօտ կայ անբացատրելի անհամբերութիւն մը: Անհամբերութիւն՝ աւելի մեծ ու շօշափելի փոփոխութիւն եւ յառաջխաղացք տեսնելու: Անկեղծօրէն, ես եւս անհամբեր եմ:
Լրատուամիջոցները, իրենց յատուկ գործելաոճով, զգայացունց լուրեր կը տարածեն, խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու ալիքը ցոյց տալով կը ջանան յագեցնել բնական, բայց տգեղ հանրային ծառաւ մը: Իշխանութիւններն ալ կը թուին այս քարոզչութեամբ շահագրգրուած ըլլալ, հաւանաբար արդարութիւնը վերահաստատուած ցոյց տալու աճապարանքով մը: Անշո՛ւշտ որ վտանգ կայ այսպիսի քարոզչական քաղաքականութեան մը մէջ, որովհետեւ որքա՛ն ալ կարեւոր ըլլան արդարութիւն հարթող ձերբակալութիւնները, անոնք հոգեբանականօրէն բացասական լիցք կը սրսկեն հանրութեան մէջ: Բան մը, որմէ առատութեամբ ունեցած ենք մեր իրականութեան մէջ վերջին տարիներուն: Ձերբակալութիւնները անհրաժեշտ են արդարութիւն վերականգնելու համար, սակայն նոր իշխանութիւնները շուտով պէտք է անցում կատարեն դէպի աւելի դրական ոգի արդող ձեռքբերումներու տարածք. բան մը, որ նաեւ աւելի համահունչ պիտի ըլլայ Շարժման իսկ դաւանած պայծառատեսութեան պատգամին:
Կը յիշենք բոլորս, թէ ինչպէ՛ս նախկին իշխող շրջանակներուն մօտ կար այն համոզումը եւ մնայուն մտահոգութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ կատարուածին գծով միայն վատը տեսնելով ու միայն վատի մասին գրելով ու խօսելով՝ քննադատներն ու ընդդիմադիրները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար գետին կը ստեղծեն յուսալքութեան, ինչ որ իր կարգին օտարումի եւ արտագաղթի տեղիք կու տայ: Կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս վատ իրավիճակը բարեփոխելու փոխարէն՝ վատը մատնացոյց ընողներուն թշնամի հռչակելու եւ լռեցնելու օրակարգ առաջ դրուած էր:
Այսօր, կարծէք դերակատարները եւ դերերը շրջուած են: Երկամսեայ կեանք ունեցող, տակաւին իր սկզբնական խարխափումներուն շրջանը չբոլորած իշխանութիւններուն իւրաքանչիւր դժուարութեան կամ նուազագոյն սայթաքումին մէջ, նախկիններն ու անոնց համակիրները, գալիք օրերու մեծ պատուհասներու նախանշաններ կը տեսնեն, եւ անոնց մասին կը խօսին ու կը խօսին: Կառավարական պաշտօնեայի նուազագոյն բացթողումը՝ երկիր, ազգ, մշակոյթ քանդելու ծրագիրի մը սկիզբ կը նկատուի: Մտահոգ եմ, որ նորերուն անկեղծ եւ երբեմն ալ միամիտ ճիգերը խորամանկ շահագործումներու ենթարկուին, եւ նոր կառավարութիւնը հազիւ իր առաջին քայլերը նետած՝ ներքաշուի հեղձուցիչ դժուարութիւններու մէջ:
Սակայն, եթէ ժողովրդավարութիւնը պիտի ընդունինք իբրեւ էական արժէք, ուրեմն ամէն խելօք, անխելք թէ սադրիչ խօսք, գոյութեան նոյն իրաւունքը պիտի ունենայ: Համաձայն եմ, պէտք է համբերել նոր ճիգերու արդիւնքները տեսնելու համար. բայց նաեւ պէտք է համբերատար ըլլալ անոնց պարագային, որոնք յատուկ եւ թէկուզ դաւադիր նպատակներով որոշած են համբերութիւն չցուցաբերել: Ա՛յս է գինը ժողովրդավարութեան:
Իրականութեան մէջ, ձեռքբերումներու էջերը իշխանութիւնները իրե՛նք պէտք է գրեն, իրենց ըրածով ու ընելիքով: Եթէ յաջողին իրենց խօսքը արագ կերպով գործի վերածել, ապա քննադատութիւնները անհեթեթութեան կը վերածուին եւ յօդս կը ցնդին: Ես կասկած չունիմ որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կը նկատեմ ճիգը, աշխատասիրութիւնը, սորվելու պատրաստակամութիւնը, թէկուզ երբեմն՝ անտեղի ինքնավստահութեամբ: Սակայն եթէ փոփոխութիւններու արդիւնքները ուշանան կամ ձախողին, ժողովուրդն ու ապագան անզիջող եւ անխնայ պիտի ըլլան:
Նիկոլն ու իր գործակիցները իրե՛նք են, որ իրենց երթը իբրեւ «յեղափոխութիւն» մկրտեցին: Լա՛ւ ըրին, եւ մենք ալ ընդունեցինք զայն իբրեւ այդպիսին ու միացանք երթին: Բայց թէ՛ Նիկոլը, թէ՛ բոլորս մեր խօսքին տէրը կանգնելու մարտահրաւէրին առջեւ ենք այսօր:
Յեղափոխութիւնները կը տարբերին սովորական (թէկուզ շռնթալից) իշխանափոխութիւններէ՝ իրենց հոգեմտաւոր լիցքով, իրենց խորքով, նաեւ նպատակակէտներու տարողութեամբ: Մինչ իշխանափոխութիւնը ինքնին տրամաբանական եւ անհրաժեշտ բաղադրիչ է որեւէ յեղափոխութեան մը համար, յեղափոխութիւնը աւելի՛ն է քան մակերեսային ու գործելաոճային փոփոխութիւնները: Կարէնով եղած ճիգը ճիշդ ասոր համար է, որ մերժուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, քանզի կուտակուած խնդիրներու տարողութեան եւ հիմնական փոփոխութեանց հրամայականին ի տես, այդ ճիգը շատ մակերեսային էր ու թեքնոքրաթիք. շա՛տ քիչ էր եւ շա՛տ ուշացած:
Յեղափոխութիւն մը պէտք է յստակօրէն գնահատէ իրեն համար ճիշդն ու սխալը, ընդունելին եւ անընդունելին: Հոն, ուշացումներ ու խարխափումներ արտօնուած չեն, եւ այս «սեւ ու սպիտակ» կտրուածքով մօտեցումն է, որ յեղափոխութեան մը կու տայ անվախ ու համարձակ գործելու յատկութիւնը: Հիմնարար եւ արմատական վերանայումներն են, որոնք խորք կու տան անոր: Այսպիսի արմատականութիւնը ո՛չ մէկ կապ ունի արկածախնդրութեան հետ: Խիզախ գործելաոճը եւս արկածախնդրութիւն պէտք չունի ըլլալու: Յեղափոխութիւններու մէջ դանդաղ ու մեղմ գործելաոճը խելամիտ յատկանիշներ չեն, իսկ կարճ ժամկէտները ու խիզախ գործելաոճը կարեւորագոյն ազդակներ են: Այլապէս, խարխափումի եւ շփոթի առաջին իսկ նշոյլներուն ի տես՝ յեղափոխութեան արտաքին թէ ներքին թշնամիները չեն վարանիր իրենց գիշատիչ քայլերը առնելէ:
Եթէ պատահի, որ նոր իշխանութիւնները ինչ-ինչ պատճառներով իրենց մոմենթումը դանդաղեցնեն, կամ ներքին գզվրտոցներով իրենց ներուժը տկարանայ, այդ պարագային իրենք կը պարպուին իրենց իսկ առաջ քաշած յեղափոխական շունչէն եւ կը ձախողին իբրեւ յեղաշրջող ազդակ: Պարզ է, որ յեղափոխել՝ չի՛ նշանակեր հինը քիչ մը աւելի լաւով կամ ջահելով փոխարինել, կամ՝ առաջուանը աւելի լաւ ճաշակով հրամցնել: Յեղափոխել կը նշանակէ հիմնակա՛ն եւ խիզա՛խ փոփոխութիւն արարել:
Հայաստանի պարագային ակնկալուածը այս վերջինն է, եւ այդ էր պատճառը այն աննախընթաց զօրակցութեան ու խանդավառութեան, որ ցուցաբերուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, մեր բոլորի՛ն կողմէ: Զօրակցութեան պատճառը այն չէր, որ մարդիկ Նիկոլի անձով հմայուած էին, կամ՝ իբրեւ հաւանական իշխանաւորի անոր կարողութիւններով տպաւորուած էին: Այլ, պատմական ճիշդ պահուն եւ ճիշդ պայմաններու ներքոյ, մարդիկ ուզեցին հաւատալ հաղորդուող պատգամին ու պատգամի խիզախութեան՝ հաւատալով, որ ան հիմնակա՛ն, համակարգայի՛ն եւ խորքային փոփոխութեան խոստումներուն մէջ յախուռն ու անզիջող պիտի ըլլայ:
Այս տարածքին մէջ, սկզբունքի շուրջ սակարկելու տեղ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ճիշդի-սխալի մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելը՝ սխալին տո՛ւրք տալ կը նշանակէ: Եւ ո՞վ չի գիտեր, որ քաղաքականութեան մէջ զգուշաւորութիւնը ողջունելի մարտավարութիւն է, պայմանաւ որ անիկա իսկապէս մնայ մարտավարութեան կամ ոճի սահմաններուն մէջ եւ չվերածուի ռազմավարութեան, որ այս պարագային՝ վերջը կրնայ նշանակել Նոր Հայաստանի մը համար այնքա՛ն սպասուած ու ողջունուած յեղափոխական շարժումին:
Քանի այսօր տակաւին վառ են մեր յոյսերը եւ ունինք մեծ ակնկալութիւններ այն մասին, թէ սկիզբ առած շարժումը ինքզինք իրապէս կը դրսեւորէ իբրեւ պետութիւնը ամրակայող յեղափոխութիւն, պահանջատէր ենք ու պահանջատէր կը մնանք բոլորս ազգին ու անոր մեծ երազներուն հաշուոյն: Պահանջատէր ըլլալէ աւելի՝ նաեւ յանձնառո՛ւ ենք, որպէսզի Յեղափոխութիւնը յաջողած տեսնենք, որպէսզի թերահաւատութիւնը խամրի, որպէսզի չարաբաստիկ գուշակութիւններն ու չարախնդութիւնը տեղ տան դրական լիցքի ու պայծառատեսութեան:
Մէկ խօսքով, մենք բոլորս ենք, որ մեր ակնկալութիւններով, մեր պահանջներով, մեր սաստումներով ու քննադատութիւններով գործի պիտի հրաւիրենք նոր իշխանութիւնները, որպէսզի անոնք գործեն իրենց խօսքին համաձայն ու խոստումներուն շունչով: Աւելի՛ն, իւրաքանչիւրս մեր ճիգով, մեր ջանքով, մեր ներդրումով ու մեր ներգործօն մասնակցութեամբ պիտի պայքարինք, որ յաջողին մեր թելադրանքներն ու առաջարկները… որպէսզի ժողովրդային շարժումը արժանանայ Յեղափոխութիւն կոչուելու յաղթանակին:
Գուցէ անսպասելի, գուցէ ոմանց համար անհաւանակա՛ն տեսքով՝ Յեղափոխութիւնը ինք եկած ու գտած է մեզ: Կրնայ ըլլալ, որ շատեր տակաւին «շոք»ի մէջ են, բայց այդ մէկը գետնի վրայ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի: Տեսայ ես Յեղափոխութեան մը հետքերը եւ վերյիշեցի պատմութեան այն դասերը, ըստ որոնց՝ յեղափոխութիւններու մէջ լաւատեսութիւնն ու վճռակամութիւնն են որ յաղթանակի կ՛առաջնորդեն: Պատմութեան ընթացքին իսկակա՛ն յեղափոխութիւնները շուտ-շուտ չեն գար, բայց երբ գան ու հասնին՝ մարդոց երկար չեն սպասեր:
Ունիմ այն զգացումը, որ ժողովուրդը սկսած է շարժումին, եւ հիմա զայն յանձնած է մեզի՝ զայն վճռակամօրէն վերածելու Յեղափոխութեա՛ն: Այս քանի մը օրը ես գտայ Յեղափոխութեան հետքերը ու կրկին անգամ համոզուեցայ, որ անիկա մե՛րն է, եւ եթէ անիկա յաջողի, ապա յաղթանակած կ՛ըլլան ազգն ու հայրենիքը: Իսկ եթէ ձախողի՝ ձախողած կ՛ըլլայ ոչ թէ Նիկոլը, այլ մենք՝ բոլո՛րս:
Կասկած չունիմ, որ պիտի յաջողի՛նք ազգովին իր լրումին հասցնելու Յեղափոխութեան երթը, որ այսօր իր առաջին քայլերը կ՛առնէ: Պիտի յաջողինք տեղ հասցնել այս երթը, որ այսօր ազգի հպարտութիւնն է, եւ որ շուտով պիտի վերածուի ազգի փայլուն ու բացառապէս հայկակա՛ն յաղթանակին:
sireli bashdonadarner polores bardavorenk ays oren sgsial ashkhadink yev nvirvink hayreniki zarkatsman, orere yev martig pokhvelen heghashrchoume gadarvela yev bedkche sbasel vad hedevankneri ayl jshtenk yev gazmagerbvenk yev yerpek chihantourjenk abigar ghegavarnerou voronk gordsanoumen mer azkain arjeknere.ganknenk mer arjani (Nigol Pashinyan) Hye ishkhani goghke vor mer azki srdova kordsoum, arjevorenk ir dsaner ashkhadanke inbasd mer Hayreniki zarkatsman getssen aysorva nigolnere getsse Hye azkes.