ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սէրուժ Աբիկեան, Սալբի Պուլղուրճեան եւ Սօսի Սարգիսեան, Չորեքշաբթի, 25 Յուլիսին այցելեց Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի նախագահութեան պաշտօնը վարող երկրի դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Էմանուէլ Տ՛Անտրասի:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր, մասնաւորաբար Արցախի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ վերջին զարգացումներն ու Արցախի հիմնահարցի լուծման առնչուած հարցերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախ-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ ատրպէյճանական զօրքերու կուտակման նկատմամբ՝ նշելով, որ ատրպէյճանական կողմը իր գրգռիչ քայլերով եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ ուղղակիօրէն եւ լրջօրէն կը վտանգէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներէն մէկը եղող՝ ուժի չկիրարկման սկզբունքը:
Պատուիրակութիւնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Պաքուի մէջ ԵԱՀԿի գրասենեակի փակման եւ Երեւանի մէջ կազմակերպութեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգումը Ատրպէյճանի կողմէ վեթոյի ենթարկելու քայլերուն նկատմամբ՝ զայն նկատելով Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿի դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը նուազեցնելու փորձ մը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի պատուիրակութիւնը ներատրպէյճանական զարգացումներու ժխտական ազդակին անդրադառնալէ ետք նշեց, որ տագնապի խաղաղ լուծման ապահովման եւ բանակցային հոլովոյթի պաշտպանութեան համար պէտք է սանձել ատրպէյճանական կողմի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, գրգռիչ քայլերն ու զինադադարի յարատեւ խախտումները՝ ապահովելով զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմի կիրարկման շուրջ 2016ին գոյացած համաձայնութեան գործադրումը:
Պատուիրակութիւնը նաեւ ընդգծեց տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Իտալիոյ կառավարութեան ուղղուած նամակ մը յանձնուեցաւ դեսպանին:
Իտալիոյ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց մտահոգութեան պատճառ դարձող երեւոյթներու ներկայացման համար՝ նշելով, որ այդ հարցերը վստահաբար պիտի արծարծուին Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի Հայաստան կատարելիք մօտալուտ այցելութեան ընթացքին:
Ան ընդգծեց Իտալիոյ ԵԱՀԿի նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն եղող երկխօսութեան եւ տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներուն կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ տագնապի խաղաղ լուծումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ:
Ան յայտնեց, որ մարմինին մտահոգութիւնները եւ նամակը պիտի փոխանցէ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առնչակից գրասենեակին:
Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց իր գործունէութիւնը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ