ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 28րդ Նաւասարդեան խաղերը տեղի ունեցան Մերիլենտի մէջ, Շաբաթ, 30 Յունիսէն Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ՝ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան շրջանի Հրաչ Մեսրոպեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ ՀՄԸՄի Ուաշինկթընի մասնաճիւղին:
Բացման հանդիսութեան, նաեւ ներկայ էին Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան (որ երեկոյեան, դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ ներկայ եղաւ նաեւ ընթրիքին), ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Թանաշեան, ՀՕՄի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Սեւան Գոլէճեան: Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Սամիկ եւ Վարդենի Ժարեաններ:
Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերուն ընթացքին, դաշտերու վրայ, պանդոկի միջանցքներուն եւ ամէնուրեք ՀՄԸՄական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի զանազան մասնաճիւղերէ:
Բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ ժամանեցին Ուաշինկթըն, ուր տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը՝ բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները:
ՀՄԸՄի տարեկան այս մարզական խաղերը, առիթ մըն են սատարելու ՀՄԸՄի վսեմ նպատակին, երբ շրջանի մասնաճիւղերէն ժամանած ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ, կը գօտեպնդուեն ՀՄԸՄի շունչով եւ ոգիով:
Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ խանդավառութեամբ ժամանեցին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու, թէ իրենց ՀՄԸՄի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ: Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում:
Երեքշաբթի, 3 Յուլիսին երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Պաշտօնական բաժինը բացուեցաւ պատուոյ հիւրերու մուտքով: Օրուան երգիչն էր Արմէնչիքը:
Ամէնէն բարելաւուած մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Շիքակոյի մասնաճիւղը, իսկ տիպար մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Պոսթընի մասնաճիւղը:
Խումբերու Ընդհանուր Դասաւորում.
- Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք 43 կէտ
- Շիքակօ 38
- Պոսթըն եւ Տիթրոյիթ 18
6.- Մերիմէք Վալի 10
7.- Նիւ Ճըրզի 5
8.- Թորոնթօ 4
Չորս մասնաճիւղեր՝ Փրովիտընս, Ֆիլատելֆիա, Ֆլորիտա եւ Ալպընի չկրցան որեւէ կէտ ապահովել:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»