ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 27 Յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամ»ի ընթացիկ գործունէութեան նուիրուած աշխատանքային նիստը, զոր վարեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարուժան Աւետիքեան ներկայացուց հաշուետու ժամանակահատուածին հաւաքագրուած գումարներու, կատարուած հատուցումներու եւ նուիրատուութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարականը, ըստ որուն՝ հիմնադրամին կողմէ անհրաժեշտ է դիտարկել նաեւ 2016 թուականին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ մարտական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն փոխհատուցում տրամադրելու հնարաւորութիւնը:
Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք պարզ դարձաւ, որ հիմնադրամին հաւաքագրած դրամական միջոցները բաւարար են լուծելու այդ խնդիրը ոչ միայն 2016, այլեւ 2015 թուականին համար: Ապա որոշում կայացաւ ներկայացուած առաջարկները քննարկել հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստին: