Կիրակի, 29 Յուլիսին, ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւններու նախավերջին օրը, աշխարհի 26 երկիրներէ Երեւան ժամանած բազմահազար ՀՄԸՄականներ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 35ամեակը նշեցին Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ Օփերայի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս տպաւորիչ ու եզակի ելոյթին բացման խօսքը արտասանեց եւ Լիզպոնի գործողութեան խորհուրդը փոխանցեց ՀՄԸՄի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ Լիզպոնի հերոսները անմահութիւնը ընտրեցին իմացեալ մահուան ճամբով: Անոնք իրենց մահով կեանք տուին ազգին ու գաղափարին: Անոնք զէնքի ու զինեալ պայքարի դիմեցին ո՛չ թէ անոր համար, որ պայքարի այդ ուղին գերադասեցին պայքարի այլ ուղիներէ, այլ՝ պարզապէս անոր համար որ, օրին, պայքարի այլ ուղիները փակուած էին իրենց դիմաց:
Շարունակելով, Աւագեան հաստատեց, որ Լիզպոնի գործողութիւնը կը նպատակադրէր աշխարհին յիշեցնել հայուն դէմ գործուած անարդարութիւնն ու անիրաւութիւնը: Նաեւ, ան նպատակ ունէր հայութեան այլասերած զանգուածները արթնցնել եւ ազգային իրենց ինքնութեան կապել: Վերջապէս, Լիզպոնի հերոսները կը փոխանցէին «Յարատեւ կռիւ»ի դաս մը, որ ուսանելի պիտի ըլլար Արցախեան պայքարի ազատամարտիկներուն, հայրենիքի սահմանները պաշտանող հայկական բանակին եւ 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն:
«Լիզպոնի օրերուն, երազ էր անկախ Հայաստան ունենալը: Երազը սակայն իրականացաւ: Այսօր ալ երազ է նոր Հայաստան ունենալը՝ ժողովրդավարական իսկական կարգերով, բարգաւաճ տնտեսութեամբ եւ ընկերային արդարութեամբ: Երազ է Արցախն ու Նախիջեւանը տեսնել Հայաստանի կազմին մէջ, Ջաւախքը՝ իր տագնապները յաղթահարած, իսկ Սփիւռքը՝ Հայաստան դարձած: Այս բոլորը երազներ են, որոնք սակայն իրականանալի են Լիզպոնեան կամքով եւ համահայկական ճիգով, ըսաւ Աւագեան՝ աւելցնելով. «Լիզպոնի տղաքը չեն մեռած, անոնք ողջ են, անոնք կը մեռնին միայն այն ժամանակ, երբ անոնց արեամբ շնչաւորուած միացեալ հայութեամբ միացեալ Հայաստանի գաղափարը մեր մէջ կը մեռնի»:
Այնուհետեւ, «Արազ» նուագախումբին ընկերակցութեամբ, մէկուկէս ժամ ելոյթ ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, որ իր երգերով վերապրեցուց Լիզպոնի «խենթերը», գովքը հիւսեց Արցախեան պայքարի նահատակներուն, վերակենդանացուց ազգային-ազատագրական կռիւի մեր հերոսները եւ Հայաստանի ու Հայ Դատի «անկեղծ զինուոր»ները նուիրական դառնալու ուխտը կատարեց օփերայի բեմէն:
Ներկաները, աւելի քան 1000 հանդիսականներ, ազգային վառ ապրումներով եւ ՀՄԸՄական մեծ խանդավառութեամբ ընկերակցեցան Գառնիկի երգերուն եւ Լիզպոնի 35ամեակը անմոռանալի երեկոյով մը նշեցին ազատ ու անկախ Հայաստանի պայծառ երկնակամարին տակ: